Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Ապու Տապիի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին

« Եթէ Յիսուսի հետն ես, եթէ առաքեալներուն նման կը սիրես Անոր խօսքերը ունկնդրել եւ զայն ամէն օր կը փորձես ապրիլ՝ ուրեմն երանի ես:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 5 փետրուար 2019-ին, Արաբական միացեալ էմիրութիւններ կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, Ապու Տապիի «Զայետ» անուան մարզադաշտին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը մատուցեց Սուրբ պատարագ, «Խաղաղութեան եւ արդարութեան ի նպաստ», որ կը հանդիսանայ թերակղզիին մէջ մատուցուած հրապարակային առաջին պատարագը։
Սուրբ Զոհին ընթացքին արտասանուեցան զանազան լեզուներով աղօթքներ, ապա աւետարանական ընթերցումէն ետք, Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը, որ կեդրոնացուց երանութիւններուն վրայ ըսելով.

Ունկնդրէ լուրը

« Յիսուս երանութիւններով սկսաւ իր քարոզչութիւնը, ինչպէս կը կարդանք Մատթէոսի Աւետարանին մէջ: Յիսուս այսօր եւս նոյն երանիները կը կրկնէ, մեր սրտերուն մէջ դրոշմելով նախ եւ առաջ հիմնական պատգամ մը՝ եթէ Յիսուսի հետն ես, եթէ առաքեալներուն նման կը սիրես Անոր խօսքերը ունկնդրել եւ զայն ամէն օր կը փորձես ապրիլ ուրեմն երանելի ես: Ոչ թէ երանելի պիտի ըլլաս, այլ արդէն ես: Ահա սա է քրիստոնէական կեանքի առաջին իրականութիւնը:» Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ քրիստոնէական կեանքին, նշելով, որ քրիստոնեայ կեանքը չի ներկայացուիր իբրեւ կատարելիք պատուիրաններու ցանկ մը, կամ իբրեւ ծանօթանալիք վարդապետութիւններու բարդ հաւաքածոյ մը: Քրիստոնէական կեանքը նախ եւ առաջ կը կայանայ գիտակցելու մէջ որ Յիսուսի միջոցաւ՝ Հօր սիրեցեալ զաւակներ ենք: Քրիստոնեայ կեանքը կը կայանայ երանութիւնը ուրախութեամբ ապրելու մէջ, ինչպէս նաեւ կեանքը ըմբռնելու որպէս սիրոյ պատմութիւն, Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյ պատմութիւնը, որ երբեք մեզ չի լքեր եւ կ՝ուզէ, միշտ մեր հետ հաղորդութեան մէջ մնալ։ Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ սա է մեր ուրախութեան պատճառը եւ ոչ մէկ անձ աշխարհի մէջ եւ ոչ մի պարագայ կրնայ մեզմէ խլել այս ուրախութիւնը: Ուրախութիւն, որ խաղաղութիւն կը ներշնչէ նաեւ տառապանքի պահերուն մէջ եւ որ նախաճաշակն է այն երջանկութեան, որ մեզի միշտ կը սպասէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ նկատել տուաւ, որ երանութիւններուն մէջ ականատես կ՝ըլլանք հասարակաց մտածումի մը հակադարձումին, որուն համաձայն երանելի են հարուստները, հզօրները եւ բոլոր անոնք, որ համբաւ կը վայելեն : Մինչ՝ Յիսուսի համար երանելի են աղքատները, հեզերը, հալածուածները:
Ան ապա հարց տալով թէ ո՞վ իրաւունք ունի, Յիսո՞ւսը կամ աշխա՞րհը, պատասխանեց, թէ այս մէկը հասկնալու համար պէտք է ակնարկենք Յիսուսի ապրած կեանքին: Յիսուս աղքատ էր, սակայն հարուստ՝ սիրոյ մէջ: Ան եկաւ ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ստանալու համար: Յիսուս մեզի սորվեցուց, թէ մեծ չէ այն անձը, որ ունի այլ մեծ է ան որ կու տայ : Յիսուս հեզ եւ արդար է, դիմադրութիւն ցոյց չի տուաւ, այլ թոյլ տուաւ, որ անիրաւօրէն դատապարտուի: Այս ձեւով Յիսուս աշխարհին փոխանցեց Աստուծոյ սէրը եւ լոկ այս ձեւով է որ յաղթահարեց մահուան, մեղքին, վախին եւ նոյնինքն աշխարհիկութեան, ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով հաւատացեալները, որ այսօր Տիրոջմէ խնդրեն, Յիսուսի հետեւելու հմայքը բացայայտելու շնորհքը, Անոր նմանելու շնորհքը :
Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հաւատացեալներուն, անոնց Աւետարանը ապրելուն համար, ընդգծելով, որ գրուած աւետարանի եւ ապրուած աւետարանի միջեւ կայացած տարբերութիւնը կը նմանի յօրինուած երաժշտութեան եւ նուագուած երաժշտութեան միջեւ կայացած միեւնոյն տարբերութեան:

Ան դիտել տուաւ նաեւ Արաբական միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գտնուող հաւատացեալները, տարբեր ազգերէ եւ տարբեր լեզուներէ կազմուած երգչախումբ մըն է, բազմազանութիւն մը, որ Սուրբ հոգին շատ կը սիրէ եւ կ՝ուզէ միշտ աւելի ներդաշանակ դարձնել՝ միաձայնութեան միջոցաւ: Հաւատացեալներու այս ուրախալի հաւատքի բազմաձայնութիւնը վկայութիւն մըն է բոլորին, եւ եկեղեցին կը կառուցէ –ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ապա ընդգծեց, ապրիլ որպէս երանելիներ եւ հետեւիլ Յիսուսին չի նշանակեր միշտ ուրախ ըլլալ: Ան անդրադարձաւ հաւատացեալներուն այն վիճակին, որ հեռու կ՝ապրին իրենց հարազատներէն եւ պակասը կը զգան իրենց հարազատներուն սիրոյն ինչպէս նաեւ կը տառապին ապագայի անորոշութեան համար: Սակայն, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Տէրը հաւատարիմ է եւ երբեք չի լքեր իրենները: Այս առնչութեամբ ան օրինակ ներկայացուց Սուրբ Անտոն անապատականը, թէ ինչպէս Տէրը զայն մխիթարեց՝ երկար ժամանակ տառապելէ ետք:
Տէրը մեզի մօտիկ է: Ան նոյնիսկ եթէ անմիջապէս չի միջամտեր, մեր կողքին կ՝ընթանայ՝ մեզի նոր դուռ մը բանալու համար: Տէրը մասնագէտ է նոր բաներ կատարելու, Ան գիտէ անապատին մէջ նոր դռներ բանալ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով , որ երանութիւնները ապրիլ, չʼենթադրեր հերոսական ժեսթեր:

Երանութիւնները կեանքի քարտէս են. անոնք մեզի հրաւէր են՝ Յիսուսի նմանելու ամենօրեայ մեր կեանքին մէջ: Երանութիւնները հրաւէր են սիրտը մաքուր պահելու, եւ կիրարկելու արդարութիւնն ու հեզութիւնը եւ ողորմածներ ըլլալու բոլորին հետ:
Երանութիւնները չեն եղած գերմարդոց համար, անոնք եղած են բոլոր անոնց համար, որոնք ամէն օր կը դիմագրաւեն մարտահրաւէրներ ու դժուարութիւններու մէջ կը գտնուին, ըսաւ սրբազան Հայրը, մատնանշելով որ ան, որ երանութիւնները Յիսուսի համաձայն կ՝ապրին, աշխարհը մաքուր կը դարձնէ։ Սրբազան Հայրը քաջալերեց հաւատացեալները, որ մնան ամրապնդուած Յիսուսի մէջ եւ միշտ պատրաստակամ ըլլան բարիք ընելու բոլորին։ Ան մաղթեց նաեւ, որ հաւատացեալներուն հասարակութիւնները խաղաղութեան ովասիսները դառնան:
Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց երկու երանութիւններու վրայ: Առաջինը՝ երանի հեզերուն: Այս առնչութեամբ նկատել տուաւ, որ երանելի չէ ան որ յարձակողական դիրք ունի, այլ երանելի է ան որ Յիսուսի վերաբերմունքը կը պահպանէ, որ մեզ բոլորս փրկեց: Յիսուս հեզ գտնուեցաւ նաեւ զինք դատապարտողներուն հանդէպ:

Երկրորդ՝ երանի խաղաղարարներուն: Նորին Սրբութիւնը յարեց, թէ Քրիստոնեան այն անձ է, որ խաղաղութիւնը կը խթանէ ՝սկսեալ իր ապրած հասարակութենէն: Ան օրինակ բերաւ Յայտնութեան գիրքին մէջ Ֆիլատելֆիայի հասարակութեան հետ ունեցած Յիսուսի հանդիպումը, նկատել տալով, որ այդ հասարակութիւնը յատուկ հասարակութիւն մըն է տրուած ըլլալով, որ Յիսուս երբեք չէ յանդիմանած այդ հասարակութիւնը: Ֆիլատելֆիայի հասարակութիւնը, Յիսուսի խօսքին հաւատարիմ գտնուեցաւ ՝ առանց մերժելու Յիսուսի անունը եւ յարատեւութեամբ յառաջ ընթացան հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն:
Ֆրանչիսկոս Պպա նկատել տուաւ նաեւ, որ Ֆիլատելֆիա անունը կը նշանակէ եղբայրներու միջեւ սէր, ընդգծելով որ Եկեղեցի մը, որ գիտէ Յիսուսի խօսքին եւ եղբայրական սիրոյ հանդէպ հաւատարիմ գտնուիլ, հաճելի է Տիրոջ եւ պտուղ կու տայ: Ֆրանչիսոկս Պապ հաւատացեալներէն խնդրեց, որ պահպանեն խաղաղութիւնն ու միութիւնը, մէկը միւսին հոգ տանին, այն գեղեցիկ եղբայրութեամբ, որուն մէջ չկայ ոչ առաջին դասակարգի եւ ոչ երկրորդ դասակարգի քրիստոնեաներ:
Ան ապա քարոզը աւարտեց ըսելով «Յիսուս, որ ձեզի երանելի կը կոչէ, թող շնորհէ ձեզի միշտ յառաջ ընթանալու շնորհքը՝ առանց վհատելու եւ միշտ աճելով ձեր միջեւ եւ բոլորին հանդէպ սիրոյ մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2019, 08:31