Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Արաբական Էմիրութիւններ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը։

«Zayed Sport City» մարզադաշտին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան 180 հազար հաւատացեալ եւ 4 հազար մահմետականներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ապու Տապիի «Zayed Sport City» մարզադաշտին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ աշխատանքի բերումով բնակութիւն հաստատած  100 տարբեր ազգութիւններէ 180 հազարէ աւելի հաւատացեալներ  ու 4 հազար մահմետականներ,  Նորին Սրբութիւնը վերջ տուաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած առաքելական 27-րդ միջազգային ճամբորդութեան։

Սուրբ Զոհին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալական խօսք ուղղեց սուրբ Զոհին մասնակցող ՝ Քաղդէացի, Ղպտի, Յոյն կաթողիկէ, Յոյն Մելքիթ, Լատին, Մարոնիդ, Ասորի Կաթողիկէ, Ասորի Մալանպար եւ Ասորի Մալանքար եկեղեցիներու պատկան բոլոր հաւատացեալներուն։

Ան ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գերապայծառ Փոլ Հինտէրին՝ ճամբորդութեան պատրաստութեան համար ու «ջերմ ողջոյն մը» բոլոր Պատրիարքներուն, Աւագ Եպիսկոպոսներուն ու ներկայ գտնուող եպիսկոպոսներուն ինչպէս նաեւ քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու բազմաթիւ այն աշխարհականներուն որոնք վեհանձն ու ծառայական հոգիի յանձնառումով կը գործեն հասարակութիւններու ներքոյ ու աղքատներու կողքին։

«Մեր Մայրը՝ Ամենասուրբ Կոյսը, ձեզ պահպանէ Եկեղեցւոյ նկատմամբ ձեր սիրոյն մէջ ու Աւետարանի ուրախ վկայութեան մէջ։ Բարեհաճեցէք չի մոռնալ աղօթելու ինծի համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խօսքը ու վերջ տալով առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ Պատարագին, որմէ ետք Ան փոխադրուեցաւ Ապու Տապիի Նախագահական օդակայան, ուր տեղական ժամով 12.40-ին (Հռոմի ժամով 9.40) տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը ի ներկայութեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գահաժառանգ Իշխանին։

Ֆրանչիսկոս Պապն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը թռիչք առաւ ժամը 13.10 անց (Հռոմի ժամով 10.10 անց) վերադարձ կատարելով դէպի Հռոմ ուր ժամանումը նախատեսուած է 7 ժամ տեւող ճամբորդութեան աւարտին, յետմիջօրէի 5-ին, Չամփինօ օդակայան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2019, 09:24