Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ալ Թայըպ Իմամը ստորագրեցին պատմական փաստաթուղթ մը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ալ Թայըպ Իմամը ստորագրեցին պատմական փաստաթուղթ մը 

«Մարդկային եղբայրութեան ու աշխարհի խաղաղութեան» հայող պատմական փաստաթուղթի ստորագրութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ալ Թայըպ Իմամը ստորագրեցին փաստաթուղթ մը որ խաղաղութեան եւ յոյսի զօրեղ նշան մըն է մարդկութեան ապագային համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի 4 փետրուարին, «Founder’s Memorial» յուշահամալիրին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ ճամբորդութեան սիրտը հանդիսացող միջ կրօնական հանդիպումին, որուն առթիւ ստորագրուեցաւ նաեւ «պատմական» համարուող «Խաղաղութեան, ազատութեան ու կիներու իրաւունքին» հայող միասնական յայտարարութիւն մը, ընդմէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին։

Փաստաթուղթը շարադրուած ձեռագիր երկու լեզուներով արաբերէն եւ իտալերէն

Նշենք որ ստորագրուած փաստաթուղթը շարադրուած է ձեռագիր երկու լեզուներով արաբերէն եւ իտալերէն ու երեք օրինակներով որոնք պիտի պահպանուին մէկը Վատիկանի մէջ, մէկը Ալ Ազհարի համալսարանին մէջ եւ միւսը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ։  Փաստաթուղթի  ստորագրութեան առթիւ Քահանայապետն ու Իմամը զտեղեցին մէկ եկեղեցւոյ ու մէկ մզկիթի առաջին քարերը, որոնք՝  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գահաժառանգ Իշխանի կամքով, պիտի կառուցուին մէկը միւսին կողքին, միջրկօնական երկխօսութեան կերոնի մը մօտ։

 Խաղաղութեան եւ յոյսի զօրեղ նշան մը՝ մարդկութեան ապագային համար

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի  ժամանակաւոր տնօրէն՝ Տիար Ալեսսատրօ Ճիզոթթի, մարդկային եղբայրութեան ու աշխարհի խաղաղութեան  հայող պատմական վերոնշեալ փաստաթուղթը համարեց «կարեւոր մեծ քայլ մը քրիստոնեաներու ու իսլամներու երկխօսութեան գործընթացին մէջ  ու խաղաղութեան եւ յոյսի զօրեղ նշան մը՝ մարդկութեան ապագային համար»։

խաղաղութեան ու հաշտութեան ճանապարհ մը բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց համար

«Ան կոչ մըն է չարին պատասխանելու բարիով եւ ամրապնդելու միջկօրնական երկխօսութիւնը ու խթանելու փոխադարձ յարգանքը, խոչընդոտելու համար ճանապարհն անոնց որոնք  քաղաքակրթութիւններու միջեւ բախումի կրակը կը սնուցանեն» յարեց Տիար Ճիզոթթի հաստատելով որ «Ֆրանչիսկոս Պապն ու Ալ Թայըպ Իմամը միասնաբար ցոյց տուին խաղաղութեան ու հաշտութեան ճանապարհ մը որուն վրայ կարող են քալել բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը եւ ոչ միայն իսլամներն ու քրիստոնեաները»։

Ոչ մէկը լիազօրուած է Աստուծոյ անունը շահագործելու

«Փաստաթուղթը համարձակ ու մարգարէական է, տրուած ըլլալով որ այնտեղ նիւթերը անուանուած են իրենց անուններով ու հրաւէր ուղղուած է բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան Աստուծոյ, հարցաքննելու իրենց խիղճը ու վստահութեամբ ստանձնելու պատասխանատուութիւնը՝ կեանքի կոչելու համար աւելի արդար ու զօրակից աշխարհ մը» կը յայտարարէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնը նշելով նաեւ որ Իմամն ու Քահանայապետը անհերքելի բառերով հաստատեցին  թէ ոչ մէկը լիազօրուած է Աստուծոյ անունը շահագործելու,  արդարացնելու համար պատերազմը, ահաբեկչութիւնը ու կամ բռնութեան որեւէ մէկ ձեւը,։ Անոնց շեշտեցին նաեւ որ պէտք է մշտապէս պաշտպանել կեանքը ինչպէս նաեւ  ճանչնալ կիներուն իրաւունքները»։

«Ի տես բաժանումով ու գաղափարական մոլեռանդութեամբ  վիրաւորուած մարդկութեան, Քահանայապետն  ու Աւագ Իմամը ցոյց տուին որ հանդիպումի մշակոյթը խթանելը ցնորք մը չէ այլ անհրաժեշտ պայման է ապրելու համար խաղաղութեամբ ու ապագայի սերունդներուն թողելու մեր ապրած աշխարհէն աւելի լաւ աշխարհ մը» կը հաստատէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնը։

-------------------------------------

 

Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի Տնօրէնին խմբագրականը

Մինչ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի Տնօրէն Տիար Անտրէա Թորնիելլի այս առընչութեամբ հրապարակած իր խմբագրականին մէջ կը հաստատէ թէ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի ու Սուլթան Մալիք Ալ Քամիլի միջեւ կայացած հանդիպումէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ՝ որ կը կրէ Ասսիզացիի սուրբին անունը «մահմետական եղբայրներուն» կը ներկայանայ որպէսզի «խաղաղութեան ծարաւը ունեցող հաւատացեալ» ու Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին հետ միասին կը ստորագրէ «Յայտարարութիւն» մը որ վիճակուած է ոչ միայն դրոշմելու քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ յարաբերութիւններու պատմութիւնը, այլեւ նոյնինքն իսլամական աշխարհին պատմութիւնը։

«Ֆրանչիսկոս Պապ որ հեղինակն է  «բաժան բաժան  համաշխարհային պատերազմ» բառին, այս ճամբորդութեամբ ու այս արարքով ինքզինք կը դնէ իր նախորդներուն կողմէ ուրուագծուած ճանապարհին վրայ, այլ քայլ մը կատարելով» կը գրէ Թորնիելլի։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ ուղիով

«Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, 1986-ի Ասսիզիի հանդիպումէն սկսեալ, երբ միջուկային սպառնալիքը, որ այսօր դարձեալ կը յայտնուի, կը գերակշռէր աշխարհի վրայ, ներգրաւեց տարբեր կրօններու պատասխանատուները, միասին հաստատելու համար որ՝ իրարմէ տարբեր կրօնները պէտք են խթանել խաղաղութիւնը, համակեցութիւնն ու եղբայրութիւնը»։

«2001-ի  սեպտեմբեր 11-էն ետք, երբ ահաբեկչական ծայրայեղութիւնը դաժան կերպով մուտք գործեց միջազգային բեմին վրայ. ծերունի երջանկայիշատակ քահանայապետը ամէն ջանք դափեց՝ վերացնելու համար Աստուծոյ անունը շահագործող՝ բռնութիւնը, ահաբեկչութիւնը, մարդոց, կիներու ու անմեղ մանուկներու սպանութիւնը արդարացնող կրօնական որեւէ արդարացում» կը հաստատէ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի տնօրէնը դիտել տալով որ «Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը եւս քալեց նոյն ուղիին վրայ, եւ 2006-ին սեպտեմբերին Իսլամ Երկիրներու կրօնապետերուն ըսաւ որ «քրիստոնեաներն ու իսլամները, իրենց սեփական կրօններու աւանդութիւններու ուսուցումներու հիման վրայ, պէտք է սորվին աշխատիլ միասին, այնպէս ինչպէս արդեն կը պատահի միասնական փորձառութիւններու ընթացքին, կանխարգիլելու համար որեւէ անհանդուրժողականութիւն ու հակազդելու բռնութեան որեւէ դրսեւորումին»։

Փաստաթուղթ մը որ  վճրակամօրէն կր մերժէ ու կը դատապարտէ Աստուծոյ անունով գործադրուած որեւէ բռնութիւն

Այսօր Ֆրանչիսկոս Պապ կը ստորագրէ փաստաթուղթ մը որ ոչ միայն վճրակամօրէն կր մերժէ ու կը դատապարտէ Աստուծոյ անունով գործադրուած որեւէ բռնութիւն, այլ կը պարունակէ նաեւ կարեւոր ու պարտադիր յայտարարութիւններ, որոնք կը հային իսլամութեան ու անոր  որոշակի մեկնաբանութիւններուն։

«Յանձնառու ու պահանջկոտ են խօսքերը որոնք կը հային այլ կրօնի պատկան հաւատացեալներուն յարգանքին, ամէն տեսակ խտրականութեան դատապարտումին, աղօթատեղիներու եւ սուրբ վայրերու պաշտպանութեան հարկաւորութիւն ինչպէս նաեւ կրօնի ազատութեան իրաւունքի յարգանքին ու  կիներու իրաւունքներու ճանաչումին» կը գրէ հուսկ Թորնիելլի կարեւոր նկատելով նաեւ այն շեշտադրումը՝ հայող նիհիլիստական ահաբեկչութեան խորագոյն արմատներէն մէկուն, որ իր ծագումը կը գտնէ  կրօնական գրութիւններու սխալ մեկնաբանութեան մէջ, ինչպէս նաեւ  բարոյականութեան վատթարացումի, հոգեւոր արժէքներու թուլացումի ու պատասխանատուութեան զգացումի պակասին մէջ»։

«Տարրեր որոնք  կը նպաստեն զայրոյթի ու յուսահատութեան յառաջացումին շատերը մղելով իյնալու   անաստուած ծայրայեղականութեան  կամ կրօնական արմատականութեան եւ կոյր մոլեռանդութեան մէջ» դիտել կու տայ Անտրէա Թորնիելլի որ խմբագրականը կ՛եզրափակէ մէջբերելով փաստաթուղթէն հետեւեալ գրութիւնը «Արեւելք եւ Արեւմուտք, տարբեր կրօններու հաւատացեալներ, որոնք իրարու կը նային որպէս եղբայրներ, կարող են իրար օգնել փոխադարձաբար, խուսափելու համար իր ամբողջ կործանարար ուժով բաժան բաժան կատարուած համաշխարհային պատերազմին պայթումէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2019, 17:31