Ֆրանչիսկոս Պապ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահական պալատին մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը։

ֆրանչիսկոս Պապին Արաբական միացեալ էմիրութիւններու մէջ առաջին օրուան օրակարգը սկիզբ առաւ առանձնական Սուրբ Պատարագով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ բարի գալուստի արարողութիւն:

Երկուշաբթի, 4 փետրուար 2019-ին, ֆրանչիսկոս Պապին Արաբական միացեալ էմիրութիւններու մէջ առաջին օրուան օրակարգը սկիզբ առաւ առանձնական Սուրբ Պատարագով «Ալ Մուշրիֆ Փալաս» հիւրանոցին մէջ ուր հիւրընկալուած է Ֆրանչիսկոս Պապը տրուած ըլլալով որ Ալ Մուշրիֆին մէջ կը հիւրընկալուին Պետական պաշտօնական այցլութեամբ Արաբական Էմիրութիւններ ժամանող բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները։

Տեղական ժամով առաւօտեան 8,50-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ փոխադրուեցաւ Ապու Տապիի նախագահական պալատ՝ հանդիպելու համար Միացեալ արաբական էմիրութիւններուն գահաժառանգ՝ Շէյխ Մուհամետ Պին Զայետ Ալ Նահյանի հետ եւ ուր տեղի ունեցաւ ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը ի ներկայութեան Երկրին բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ երկու երկիրներու քայլերգերով որուն յաջորդեց երկու պատուիրակութիւններու ներկայացում հուսկ Նորին Սրբութիւնը առանձնական հանդիպում ունեցաւ գահաժառանգի հետ, որուն ծիրէն ներս տեղի ունցեցաւ ոսկեմատեանի ստորագրութիւնը ու նուէրներու փոխանակումը։

Միացեալ էմիրութիւններուն գահաժառանգին հետ ունեցած առանձնական հանդիպումէն ետք ֆրանչիսկոս Պապ վերադարձ կը կատարէ Ալի Մուշրիֆ Փասլասը հիւրանոց:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2019, 09:54