Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ֆաթէ Պենէ ֆրաթելլի» հիւանդանոցներով զբաղող միաբանութեան աւելի քան 100 անդամները:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով միաբանութեան մատուցած ծառայութեան համար, ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց երեք բառեր. զատորոշում, մօտիկութիւն-հիւրընկալութիւն եւ բաժնեկցուած առաքելութիւն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 1 փետրուար 2019-ին, Հռոմի Աստուծոյ Սուրբ Յովհաննէս «Ֆաթէ Պենէ ֆրաթելլի» «բարիք գործէք եղբայրներ» հիւանդանոցներով զբաղող միաբանութեան ընդհանուր ժողովին առիթով, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց միաբանութեան աւելի քան 100 անդամները:

Ունկնդրէ լուրը

Ողջունելով ներկաները սրբազան Հայրը շնորհաւորեց միաբանութեան 69-րդ ընդհանուր ժողովի առթիւ: Ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնելով միաբանութեան մատուցած ծառայութեան համար , անոնց ուշադրութեան յանձնեց երեք բառեր. զատորոշում, մօտիկութիւն-հիւրընկալութիւն, եւ բաժնեկցուած առաքելութիւն:

Զատորոշում այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ զատորոշումը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ կրօնական կեանքէն ներս հիմնական կեցուածք մըն է , ընդգծելով որ չէ կարելի առանց համապասխան զատորոշումի՝ անցեալը յիշել երախտագիտութեամբ, ներկան ապրիլ սիրոյ մէջ, եւ յոյսով ողջագուրել ապագան, երեք հեռանկարներ՝ նշուած աձնինք նուրեալներուն նուիրուած տարուան ծիրէն ներս եւ որոնց մասին անդրադառնալով Սրբազան Հայրը նշեց.

-Ակնարկելով անցեալին , զատորոշումը կ՝առաջնորդէ մեր պատմութեան եւ մեր շնորհապարգեւին բիւրեղացման ինչպէս նաեւ մեր ուշադրութիւնը սեւեռելու կարեւոր իրողութիւններուն վրայ:

-Ակնարկելով ներկային , զատորոշումը գորովով ապրելու ներկան , իրողութիւն մը որ կը բնորոշէ կրօնաւորային կեանքը եւ հեռու կը պահէ կեղծաւոր կեանքէն եւ Քրիստոսի նկատմամբ սէրը՝ կը փոխակերպէ կարեկցութեան:
-Ակնարկելով ապագային, զատորոշումը թոյլ կու տայ , բեղուն դարձնել հիւրընկալութեան եւ խնամքի շնորհապարգեւը, դիմագրաւելով կեանքի առջեւ ներկայացուած մարտահրաւէրը:

ֆրանչիսկոս Պապ ապա մաղթեց, որ միաբանութեան ընդհանուր ժողովը, երկխօսութեան եւ զատորոշումի փորձառութեան յիշատակ դառնայ՝ Սուրբ հոգիին եղբայրներու եւ համագործակիցներուն ունկնդրութեան միջոցաւ, առանց իյնալու ինքնագնահատումի փորձութեան մէջ:
Մօտիկութիւն- հիւրընկալութիւն: Այս առումով ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ սէրն ու կարեկցութիւնը, Սուրբ Հոգիին զօրութիւնէ, որ իմաստ կու տայ հիւրընկալութեան առաքելութեան եւ կը բարելաւէ եղբայրական հասարակած կեանքը:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա օրինակ բերաւ Սամարացին, երբ կը խնամէր մահամերձը, նշելով որ բարի սամարացիին խնամքի արտայատութիւնը, մարդկային եւ հոգեւոր ծաւալ կը կրէ:
Ընդգծելով ,որ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ դպչելու մարդկային թշուառութեան հրաւիրեց դպչիլ նայեւ բոլորն անոնց որոնք կը տառապին մարմնապէս եւ հոգեպէս:
Բաժնեկցուած առաքելութիւն: Այս կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ հրամայական նկատեց բաժնեկցուած առաքելութիւն մը , ոչ միայի որովհետեւ կոչումներու պակասը կայ, այլ որպէսզի կղերականներու շնորհապարգեւը պտուղ տան համայն եկեղեցւոյ եւ համայն աշխարհին:

Ան ապա քաջալերեց ներկաները , խնամք տանելու իրենց կազմաւորման, պատրաստելու աշխարականներ՝ քրիստոնէական հիւրընկալութեան շնորհապարգեւի եւ հոգեւորականութեան հիման վրայ - որպէսզի անոնք անոնք ունենան պատկանելիութեան բարի իմաստը եւ իրենց գործերուն մէջ չպակսի՝ Աստուծոյ Սուրբ Յովհաննէսի կեանքը սնուցանող Հոգեւոր կեանքի վկայութիւնը:
Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը հրաւիրելով ներկաները, որ Յիսուսի կարեկցութիւնն ու ողորմածութիւնը փոխանցեն կարիքաւորներուն եւ հիւանդներուն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2019, 12:55