Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Անօթութիւնը ոչ ներկայ ունի եւ ոչ ալ ապագայ այլ միայն անցեալ մը» Ֆրանչիսկոս Պապին մաղթանքը։

Քահանայապետը մասնակցեցաւ ԻՖԱՏ-ի Կառավարիչներու Խորհուրդի 42-րդ նիստի բացման արարողութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 14 Փետրուար 2019-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի ՖԱՕ-ի կեդրոնը, ուր տեղի կ՛ունենայ  «ՄԱԿ-ի գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամի (ԻՖԱՏ-ի) կառավարիչներու խորհուրդի 42-րդ նիստը» որուն առթիւ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը ուղղեց ԻՖԱՏ-ի Կառավարիչներու Խորհուրդի անդամներուն։

ԻՖԱՏը, «գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամ»ը՝ ֆինանսական միջազգային կազմակերպութիւն մըն է որ ստեղծուած է 13 դեկտեմբեր 1977-ին նպատակ ունենալով աճեցնել գիւղատնտեսութիւնն եւ սննդեղէնի արտադրութիւնը, նպաստելով շահառուներու կեանքի մակարդակին բարելաւումին։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ  ներկաներուն արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ նշեց թէ ինք մեծ հաճոյքով ընդունեց այս հաւաքին մասնակցելու ԻՖԱՏ-ի անունով իրեն ուղղուած հրաւէրը իր ներկայութիւնը նկատելով «աշխարհի մէջ ապրող կարիքաւոր եղբայրներու ձայնը»։

Անօթութեան ու թշուառութեան դէմ պայքարը կարելի է յաղթել միասնաբար

«Պիտի փափաքէի որ մենք կառողանայինք՝  նայիլ անոն առանց ամչնալու ց,  որովհետեւ վերջապէս անոնց ճիչը լսուած էր ու  մտահոգութիւնները փառատած» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ  անոնք կ՛ապրին վտանգաւոր իրավիճակներու մէջ. օդը ապականած է, բնական կենսամիջոցները կը պակսին, գետերու ջուրերը աղտոտ են ու հողերը թիւնաւոր, անոնք բաւարար ջուր չունին ոչ իրենց համար եւ ոչ ալ իրենց բոյսերուն համար, անոնց կը պակսին նաեւ առողջապահական ենթակառոյցներ ու կ՛ապրին  անկայուն ու սակաւ բնակարաններու ներքոյ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ միւս կողմէն մեր ընկերութիւնները ձեռք բերին գիտական մեծ նուաճումներ ու այս կը նշանակէ թէ մենք կը գտնուինք ընկերութեան մը առջեւ որ կարող է զարգացնել իր բարիի նպատակները։ «Այսուհետեւ անօթութեան ու թշուառութեան դէմ պայքարը կարելի է յաղթել» յարեց Սրբազան Պապը նշելով թէ այդ պայքարին մէջ վճռակամ ըլլալը անհրաժեշտ է որպէսզի կարողանանք ըսել «Անօթութիւնը ոչ ներկայ ունի եւ ոչ ալ ապագայ այլ միայն անցեալ մը»։

«Ասոր համար հարկաւոր է միջազգային հասարակութեան, քաղաքացիական ընկերութեան ու կենսամիջոցներու սեփականատէրերու  աջակցութիւնը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով որ պատասխանատուութիւնները ի գործ չեն դրուիր մէկը միւսին փոխանցելով զանոնք, այլ զանոնք ստանձնելով ու անոնց տալով շօշափելի եւ իրական լուծումներ։

Սուրբ Աթոռին յանձնառումը

Նորին Սրբութիւնը վստահեցուց Սուրբ Աթոռին այդ ուղղութեամբ յանձնառումն ու քաջալերանքը ու այս ծիրէն ներս մատնանշեց  Պօղոս Զ Քահանայապետին՝ 1964-ին ուղղած կոչին, ստեղծելու աղքատութեան դէմ պայքարի համաշխարհային հիմնադրամ մը։

«Այդ օրէն ետք Անոր յաջորդները եւս շարունակեցին քաջալերել այդպիսի ծրագիրներ, որոնցմէ ամենակարեւոր տիպարներէն մին ԻՖԱՏ-ն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անդրադարձ կատարելով ԻՖԱՏ-ի Կառավարիչներու Խորհուրդի 42-րդ նիստի նիւթերուն ու Միջազգային Ընտանիքին «Կայուն զարգացման 2030 օրակարգի» 17 նպատակներուն «որոնց առընչութեամբ ԻՖԱՏ-ը մեծ դեր ունի խաղալիք» յարեց Սրբազան Պապը այդ նպատակներէն յիշելով աղքատութեան դէմ ու անօթութեան վերացման ի նպաստ պայքարը ու այս ուղղութեամբ շեշտելով թէ «ոչ մի բան կարելի է իրագործել առանց գիւղական զարգացումին»։

820 միլիոն անհատնե կ՛ապրին աղքատութեան մէջ

Քահանայապետը ակնարկեց հուսկ 820 միլիոն անհատներուն, որոնք աշխարհի մէջ կը տառապին անօթութենէն եւ որոնց մեծամասնութիւնը կ՛ապրի գիւղական շրջաններուն մէջ, այս ծիրէն ներս հարկաւոր նկատելով այդ անձերուն եւս երաշխաւորել մարդկային արժանավայել կեանք մը։

Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր անոնց որոնք պատասխանատուութիւններ ստանձնած են՝ ըլլայ կառավարական, ըլլայ հասարակական կամ առանձնական կազմակերպութիւններու ներքոյ, որպէսզի խթանեն պատշաճ միջոցներ՝ օգնութեան հասնելու գիւղական շրջաններու մէջ ապրող մարդոց, անոնց տալով առիթ իրենց կարգին նպաստելու այդ շրջաններու զարգացումին։

Մարդ անհատը ընտրել որպէս կեդրոն

«Այսօր աւելի քան երբեք պէտք է մեր ուժերը միացնենք՝ հասնելու համար մեր նպատակին» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու մատնանշելով ներկայ խրթին մարտահրաւէրներուն հարկաւոր նկատեց կեդրոնական տեղ վերապահել մարդ անհատին։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա ԻՖԱՏ-ի վերջին տարիներուն ձեռք բերած նուաճումներուն ու քաջալերեց զանոնք ընթանալու այդ նոյն ճանապարհին վրայ որ միշտ աւելիով պիտի նպաստէ կարիքաւոր մարդոց կեանքի պայմաններու բարելաւումին» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ճառին աւարտին հարկաւոր նկատեց «գիտութիւնը խթանել խղճմտանքով» ու արուեստագիտութիւնը դնել իսկապէս ի սպաս աղքատներու ծառայութեան, առանց որ սակայն նորարարական արուեստագիտութիւնը գերակշռէ տեղական մշակոյթներուն վրայ, այլապէս ընդելուզուի ու ներդաշնակօրէն գործէ  այդ մշակոյթներու ու աւանդութիւններուն հետ միասին։

Մաղթանք ականտես ըլլալու անօթութեան պարտութեան

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց քաջալերելով բոլոր ներկաները ու բոլոր անոնք որոնք կը գործեն գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամի ծիրէն ներս, որպէսզի անոնց աշխատանքը, անոնց ջանքերն ու որոշումները ըլլան միշտ ի նպաստ բացառուածներուն ու եսասիրութեան եւ անտարբերութեան զոհերուն եւ որպէսզի կարողանանք ականատես ըլլալ անօթութեան պարտութեան ու արդարութեան եւ բարգաւաճումի ծաւալումին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2019, 10:03