Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց “Regina Coeli” Հռոմի բանտի անձնակազմը։

Պէտք չէ մոռնալ այն երեւոյթը , որ բանտարկեալներէն շատեր աղքատ մարդիկ են , անոնք զուրկ են ընտանիքիններէ եւ ոչ իսկ միջոց ունին իրենց սեփական իրաւունքները պաշտպանելու :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 7 փետրուարին՝ կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Regina Coeli" անուան բանտի անձնակազմի անդամներուն:
Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը յիշեալ բանտը այցելած էր անցեալ 29 մարտ 2018-ին, եւ հոն, Աւագ հինգշաբթի օրուան առթիւ Սուրբ Պատարագ մատուեց ի յիշատակ Յիսուսի Վերջին ընթրիքին:

Regina Coeli" անձնակազմի անդամներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս պապ խօսեցաւ բանտի մասին, նկատել տալով, որ բանտը՝ պատիժի երկու իմաստ ունեցող վայր մըն է , պատիժի եւ տառապանքի իմաստ. վայրը մը ուր ուշադրութեան եւ մարդկութեան շատ կարիքը կը զգացուի ըսաւ Ան:

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ բանտին մէջ, քրէակատարողական ոստիկանութիւնը, մատրանապետերը, կրթիչներն կանչուած են հոգ տանելու ՝ իրենց կատարած սխալներուն համար անձնական ազատութենէ զրկուած բանտարկեալներուն, սփոփելով անոնց ցաւերը:

Ան ապա նկատել տուաւ որ բանտին մէջ մատուցուած տարբեր ծառայութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը, բանտարկեալները ընկերային կեանքի մէջ ներմուծելու աջակցութեան նպաստաւոր գործողութիւն մըն է:
Քահանայապետը յորդորեց պաշտօնեաները, ջանք չի խնայել հոգ տանելու եւ ամոքելու բանտարկեալներուն վիշտերը , ընդգծելով որ ոչ մէկը կրնայ դատապարտել ուրիշը՝ իր գործած յանցանքին համար, ոչ իսկ կրնայ անոնց տառապանք պատճառել՝ ոտնակոխելով մարդկային արժանապատուութիւնը:
Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց բանտերը աւելի մարդկային դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, տխուր երեւոյթ նկատելով բանտերու մէջ տեղի ունեցող բռնութեան եւ անօրինական արաքները՝ համարելով զանոնք մարդկային չարիք:

Ան դիտել տուաւ նաեւ որ պէտք չէ մոռնալ այն երեւոյթը , որ բանտարկեալներէն շատեր աղքատ մարդիկ են , անոնք զուրկ են ընտանիքիններէ եւ ոչ իսկ միջոց ունին իրենց սեփական իրաւունքները պաշտպանելու :
Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ որ շնորհիւ բանտին մէջ գործող աշխատաւորներուն, բանտը իսկապէս կրնայ դառնալ կեանքի փոփոխութեան, յարութեան վայր եւ այս կարելէ է հաւատքի, աշխատանքի եւ արհեստավարժ կազմաւորումի ուղիներու միջոցաւ յատկապէս հոգեւոր եւ կարեկցութեան մօտիկութեան ցուցաբերումով ՝ հետեւով բարի սամարացիին օրինակին , եղբայրսիրութեան կեցուածք մը, որ իր արմատը կը գտնէ Քրիստոսին Սիրոյն մէջ որ կրնայ նպաստել շատ մը բանտարկեալներուն վստահութեան , անոնց սիրուած զգալու գիտակցութեան,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով պաշտօնեաները ընթանալու մէկ ուղղութեամբ՝ օգնելու եւ ոտքի կանգեցնելու բոլոր անոնք, որոնք դժբախտաբար չարին թակարթին մէջ ինկան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2019, 12:57