Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթան եղաւ տիպար՝աղքատներուն հետ՝ քնքշութեան վերաբերմունքին»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեգ «Կալիլէօ» հիմնարկի հոգաբարձուները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 8 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 11,00-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց «Կալիլէօ» հիմնարկի բարերարներն ու հոգաբարձուները:
Ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքի մէջ Սրբազան Հայրը սոյն հանդիպումը առիթ նկատեց իր գնահատանքը յայտնելու բարերարներուն՝ Եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան մատուցած վեհանձն յանձնառումի համար, դիտել տալով որ անոնց բազմազանային ծրագիրներու ընդմէջէն, ի յայտ կու գայ ինքնին՝ եկեղեցւոյ տիեզերական բնոյթը:
Ապա ընդգծեց հիմնարկի, աղքատութենէ, շահագործումի արարքներէ, յատկապէս մարդավաճառութեան թիրախ դարձած անձերը՝ աշխարհին ծանօթացնելու կատարած աշխատանքը, նկատելով զայն այսօրուան քրիստոնեաներուն համար հրատապ եւ էական պարտականութիւն : Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց մարդավաճառութեան թիրախ անհատներուն պաշտպան Սրբուհին՝ Սանթա Ժուզեփփինա Նախիթան, որուն ծիսական տօնը կը յիշատակուի այսօր:
«Սրբուհի Ժուզեփփինա իր անձնական ցաւալի փորձառութեամբ ճանչած է ստրկութեան իրականութիւնը ու անոր բռնարարք եւ նուաստացուցիչ հետեւանքները: Սրբուհիին սրբակեաց կեանքը կոչ է ոչ միայն առաւել վճռակամութեամբ դիմագրաւելու արդի ստրկութեան ձեւերը, որոնք բաց վէրք են մեր ընկերութեան մէջ ըսաւ Քահանայապետը այդ վէրքը վերագրելով «Քրիստոսի մարմնին» ու հաստատելով նաեւ որ այդ մէկը մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է որուն դիմաց հրաւիրեց Սրբուհիին կեանքէն սորվիլ թէ ինչպէս վերաբերուիլ աղքատներուն հետ՝ քնքշութեամբ եւ կարեկցութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը մաղթելով որ վերոյիշեալ հիմնարկի անդամները իրենց նախաձեռնած գործունէութիւններուն համար միշտ աղօթեն եւ բարեխօսութիւնը հայցեն սրբուհի Պախիթայինն ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը:
Ան ճառը աւարտեց ներկաներուն ու անոնց հարազատներուն համար հայցելով Տիրոջ ուրախութեան եւ խաղաղութեան օրհնութիւնը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2019, 11:27