Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը Աստուածային պաշտամունքի ժողովի անդամներուն:

Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց յիշեալ ժողովին հիմնադրութեան 50 ամեակը, որ հիմնուած է 8 մային 1969-ին, Սուրբ Պօղոս Զ Պապին օրով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 14 փետրուար 2019-ին՝ կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ փոքրիկ դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ խորհուրդներու մատակարարման եւ Աստուածային պաշտամունքի ժողովի, տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն:

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց յիշեալ ժողովին հիմնադրութեան 50 ամեակը, որ է հիմնուած 8 մային 1969-ին, Սուրբ Պօղոս Զ Պապին օրով եւ որուն նպատակն է ծիսական գիրքեր հրատարակել ՝հիմնուած Վատիկանեան Տիեզերական ժողովին հայերուն որոշումներուն վրայ , խթանելու համար Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ գիտակցութիւնն ու աշխուժ մասնակցութիւնը ծիսական արարողութիւններուն:

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ որ , ծէսը աւելի որակաւոր դարձնելու համար, բաւարար չեն ծիսական գիրքերուն փոփոխութիւնը, այլ հնարաւոր է սիրտի փոփոխութիւնը, որպէսզի մեր կեանքը՝ Աստուծոյ հաճելի իսկական գոհաբանութիւն դառնայ :
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Աստուածային պաշտամունքի ժողովին պարտականութեան, որ է Պապին օգնել համայն եկեղեցւոյ ի նպաստ կատարած առաքելութեան մէջ՝աղօթքի միջոցաւ:
Ան դիտել տուաւ որ եկեղեցական հաղորդութեան մէջ կը գործեն ըլլայ՝ Առաքելական Աթոռը ըլլայ եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասերը՝ համագործակցութեան, երկխօսութեան եւ սիւնոդասական հոգիով նկատել տալով որ Սուրբ Աթոռը չի փոխարիներ եպիսկոպոսները, այլ կը համագործակցի անոնց հետ ծառայելու համար, տարբեր լեզուներով եւ մշակոյթներով ու հարստութեամբ , եկեղեցւոյ խօսուն կոչումին:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ ժողովի քննարկումի նիւթ հանդիսացած ծիսական կազմաւորումին, ընդգծելով, որ ծէսը նախ եւ առաջ կեանքի ապրելակերպ մըն եւ ոչ թէ ըմբռնելիք գաղափար մը շեշտելով որ իրականութիւնը աւելի կարեւոր է քան գաղափարը :
Ան կարեւոր համարեց, ծիսական իրականութիւնը ճանչնալ որպէս կենդանի գանձ եւ անփոխարինելի սնունդ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին աճումին համար:
Աստուածային պաշտամունքի ժողովին էական պարտականութիւններէն մին է , Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ տարածել Տիրոջ կենդանի խորհուրդի հմայքը, որ կը յայտնաբերուի ծէսին մէջ:
Ծէսի կազմաւորումին ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւոր համարեց մնայուն կազմաւորումը հովիւներուն եւ աշխարականներուն, որպէսզի անոնք կարենան ընկալել ծէսին իմաստն ու խորհրդանշական լեզուն՝ ներառեալ արուեստը, երգեցողութիւն, երաժշտութիւնը ՝ ի սպաս Սուրբ խորհուրդներու մատակարամ ծառայութեան:.

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը դիտել տալով որ բոլորս կանչուած ենք խորացնելու եւ վերակենդանացնելու մեր ծիսական կազմաւորումը: ծէսը գլխաւոր ուղին է որուն ընդմէջէն անցք կը կատարէ՝ քրիստոնէական կեանքը, իր աճումի բոլոր հանգրուաններուն:

Ան քաջալերեց ժողովին անդամները գործելու, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը բացայայտէ Տիրոջ հանդիպելու գեղեցկութիւնը ՝ սուրբ Խորհուրդներուն արարողութիւններուն մէջ եւ Տիրոջ հանդիպելով, ապրին յանուն Աստուծոյ:
Ֆրանիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուածային պաշտամունքի ժողովին անդամներուն կատարած աշխատանքին համար, օրհնելով բոլորը եւ խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2019, 12:26