Մոնաքոյի Ազգային Խորհուրդի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։ Մոնաքոյի Ազգային Խորհուրդի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։ 

Մոնաքոյի Ազգային Խորհուրդի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։

Քահանայապետը քաջալերեց ներկաները գործելու ի նպաստ հասարակաց բարիքին, յարգելով մարդուն արժանապատուութիւնը ու ամէն մէկ մարդկային կեանք։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 2 փետրուար 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց Մոնաքոյի Ազգային Խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, որ Մոնաքոյի Արքեպիսկոպոսին առաջնորդութեամբ ժամանած են Վատիկան, մօտէն ճանչնալու Սուրբ Աթոռի իրականութիւնն ու անոր գործունէութիւնը, յատկապէս հայող երկու երկիրները հետաքրքրող հարցերուն ու միասնական յանձնառումին։

Ունկնդրէ լուրը

Բարի քաղաքականութիւնը ծառայութիւն է մարդկային հասարակութեան 

Վերոնշեալ Պատուիրակութեան ուղղած ճառին մէջ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց հետ հանդիպելու առիթին համար, մատնանշեց խաղաղութեան համաշխարհային 52-րդ օրուայ առթիւ յղած իր պատգամին,  որուն մէջ, ըսաւ Ան, ուզեցի ուշադրութեան յանձնել այն իրողութիւնը թէ բարի քաղաքականութիւնը ծառայութիւն մըն է ի նպաստ մարդկային հասարակութեան ու հիմնական միջոց է կառուցելու համար քաղաքացիութիւնը»։

Յարգել հիմնական արժէքներն ու կեանքը

Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը քաջալերեց զանոնք գործելու ի նպաստ հասարակաց բարիքին, յարգելով հիմնական արժէքները՝ մարդուն արժանապատուութիւնը ու ամէն մէկ մարդկային կեանքը, ինչպէս նաեւ Երկրին իշխանութիւնը, որուն մասին արտայայտուելով Քահանայապետը նկատել տուաւ որ կը գործէ  «աւանդական յանձնառումով ի նպաստ «կենսոլորտի» պահպանումին,  իչնպէս նաեւ, կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու այլ հաստատութիւններու հետ համագործակցութեամբ, մարդասիրական գործունէութեան ծիրէն ներս, թիկունք  կանգնելով թերաճ երկրներուն, յատկապէս սատարելով՝  ընտանիքներու օգնութեան, դաստիարակութեան, առողջապահական ու ընկերատնտեսական բնագաւառներէն ներս։

Յոյսի թթխմոր

«Կը մաղթեմ որ ձեր այդ օգնութիւնները հանդիսանան յոյսի թթխմոր՝ որպէսզի ապագայի եւ ուրիշին նկատմամբ խթանուի վստահութեան վարմունք» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով որ քաղաքական գործիչները  ունին մեծ պատասխանատուութիւն, յատկապէս երիտասարդներու նկատմամբ, որպէսզի անոնք եւս տարեցներուն մէջ գտնեն անձինք որոնք վստահութիւն կը ցուցաբերեն անոնց ու կը քաջալերեն անոնց տաղանդները, որպէսզի յանձնառու ըլլան իրենց երկրի ու համայն աշխարհի հասարակաց բարիքի ծառայութեան մէջ»։

Մոնաքոն ներշնչուած է Աւետարանի սիրոյ պատգամէն։ 

«Եսասէր, յուսալքումի ու մերժումի ժամանակաշրջանի մը մէջ հրատապ է կապեր հաստատել անձերու եւ երկիներու միջեւ» ըսաւ ապա Քահանայապետը այս ծիրէն ներս կարեւոր նկատելով նաեւ երիտասարդ  դիւանագէտներու միջազգային  կամաւորութիւնը ու զօրակցական կազմակերպութիւններու հետ անոնց համագործակցութիւնը այս ուղղութեամբ ընդգծելով Մոնաքոյի բնակիչներուն տրուած հնարաւորութիւնը  հիմնուելու Մոնաքոյի հիմնարար արժէքներուն վրայ՝ «որոնք ներշնչուած են Աւետարանէն ու անոր սիրոյ պատգամէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  ակնարկելով անցեալ 7 Յունուարին դիւանագիտական Մարմնին ուղղած իր պատգամին մէջ, Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի խօսքերուն «սպառնալիքը չի գար՝ ոչ յառաջդիմութենէն եւ ոչ ալ գիտութենէն։ Իսկական առասպելիքը մարդուն մէջ է, որ տէրն է զօրեղ գործիքներու որոնք կարող են կործանել ու մեծ արշաւներ իրականացնել»։

Խաղաղութիւնը խթնաել համագործկացութեամբ։

Ասոր համար հարկաւոր է վերամտածել մեր միասնական ճակատագիրը ու զայն միասին կառուցել, ի միտ ունենալով մեր պատասխանատուութիւնը ու ընթանալով խաղաղութեան ուղիին վրայ, «խաղաղութիւն մենք մեր անձին հետ, ուրիշներուն հետ ու արարչութեան հետ» ըսաւ Ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ «այս է խաղաղութեան քաղաքականութիւնը, որուն համար հրաւէր կ՛ուղղեմ ձեզի՝ որպէսզի զայն խթանէք, ամէն մէկը առանձին ու ամէնքդ միասին, ձեզի յանձնուած վեհանձն առաքելութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց վերանորոգելով իր երախտագիտական զգացումները ու ներկաներուն միջոցաւ ողջոյնի խօսք ուղղելով Մոնաքոյի Իշխան Ալպերթօ Բ ու անոր ընտանիքինն։

Աստուծմէ կը խնդրեմ որ թիկունք կանգնի ձեր ջանքերուն ու ամրապնդէ կապերը Մոնաքոյի ու միջազգային հասարակութեան միջեւ, Ան թող օրհնէ ձեզ, ձեր ընտանիքները ու Մոնաքոյի բնակչութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը խնդրելով ներկաներէն որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2019, 12:00