Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալացի Դատաւորներու ազգային ընկերակցութեան անդամները։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալացի Դատաւորներու ազգային ընկերակցութեան անդամները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալացի Դատաւորներու ազգային ընկերակցութեան անդամները։

Սրբազան Պապը շեշտեց դատաւորներու քաղաքականութենէն ու կամ ներքին հոսանքներէն «անկախ» ըլլալու կարեւորութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

1909ին հիմնադրուած Իտալացի դատաւորներու ազգային ընկերակցութիւնը այս տարի կը նշէ հիմնադրութեան 110-րդ յոբելեանը, որուն առթիւ 8 եւ 9 փետրուարին, Հռոմի մէջ կազմակերպուած է յատուկ ձեռնարկ մը որուն բնաբանն է «Ապագայի հայեացքով մեր պատմութիւնը»։

Ունկնդրէ լուրը

Դատաւորներու ազգային ընկերակցութեան 110 ամեակը։

Ընկերակցութեան 110րդ յոբելենական տարւոյն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝  9 փետրուարի առաւօտեան, իր գրասենեակին  մէջ ընդունելէ ետք Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Մարք Ուելլէն, ունկնդրութիւն շնորհեց վերոնշեալ ընկերակցութեան անդամներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ շնորհաւորելով անոնց յոբելեանը խօսքը կեդրոնացուց ընկերութեան մը հաւասարակշռութեան համար արդարութեան հիմնական արժէքին վրայ։

«Արդարութիւնը գլխաւոր առաքինութիւններէն մին է»

«Արդարութիւնը գլխաւոր առաքինութիւններէն մին է» ըսաւ Սրբազան Պապը, որովհետեւ ան ցոյց կու տայ շիտակ ուղղութիւնը, մինչ «առանց արդարութեան բոլոր ընկերային կեանքը կը մնայ խոչընդոտուած» յարեց Ան, մատնանշելով  ապա դատաւորին կարեւոր պարտականութիւններուն՝  սահմանադրական արժէքներու խթանումը, ժողովրդավարական կանոններու վրայ վերահսկողութիւնը եւ ընդհանուր բարիքին ծառայութիւնը, ու այս ուղղութեամբ ընդգծեց որ «դատաւորը առանձնաշնորհեալ զրուցակիցն է  Պետութեան օրէնսդրական մարմնին, իր՝ քաղաքացիներուն կեանքին անմիջական ճանաչողութեան բերումով»։

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը խօսքը կեդրոնացուց երկու կարեւոր կէտերու վրայ՝ «արդարութիւնը ի նպաստ ճշմարտութեան բացայայտումին» եւ «արդարութիւն յարգելով արժանապատուութիւնը»։

Արդարութիւնը ի նպաստ ճշմարտութեան 

«Աշխարհի մը մէջ ուր տեղեկատուութիւնը առատութեամբ կը յորդի եւ ուր յաճախ ճշմարտութիւնը կը խեղաթիւրուի անհրաժեշտ է որ դուք ըլլաք առաջինները որոնք կը հատատէն գաղափարին վրայ իրականութեան գերազանցումը» ըսաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով Աւետարանի Ուրախութիւն իր յորդորագիրէն խօսքեր ու մատնանշելով այն  «օրէնսդրական բացթողումին որ կը տեղադրուի ընդմէջ ճշմարտութեան (որ է) եւ գաղափարին (որ մշակուած է), ու այս առընչութեամբ հաստատելով որ այդ բացթողումները շատ անգամ կը հային կարեւոր հարցերու, ինչպէս է՝ կեանքին սկզբնաւորութիւնը, ընտանեկան իրաւունքը ու նաեւ գաղթականներու բարդ իրականութիւնը։

«Ամէն անգամ որ արդարութիւնը կանչուած է այս նիւթերու մասին արտայայտուելու դատաւորէն կը պահանջուի պատասխանատուութեան ստանձնում, որ աւելի անդին կ՛երթայ անոր հասարակ պարտականութիւնէն» յարեց Սրբազան Պապը ու ընդգծեց թէ «կազմաւորումի յարատեւ թարմացումը պէտք է մշտապէս ընկերանայ դատաւորին կեանքին», որպէսզի ան աւելի լաւ կերպով հասկնայ ընկերութեան մէջ ներմուծուած փոփոխութիւնը ու կարող ըլլայ իմաստութեամբ ի գործ դնելու օրէնքներու առաջադէմ մեկնաբանութիւնը։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Պապը շեշտեց նաեւ դատաւորներու քաղաքականութենէն ու կամ ներքին հոսանքներէն  «անկախ» ըլլալու կարեւորութիւնը։

«Արդարութիւն՝ յարգելով արժանապատուութիւնը»

Անդրադառնալով ապա արդարութեան արժանապատուութեան յարգանքին,  Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ արդարութիւնը կիրարկելու համար յաճախ կը դպչինք մարդոց անհատականութեան ու նաեւ տկար մարդոց։ Դատարանի մը դատավճիռը կրնայ մխիթարութիւն տալ ու կրնայ նաեւ վիրաւորել ու խտրականութիւն  յառաջացնել։

Դատաւորը  արդարութեան մատակարարումի իր  աշխատանքին մէջ պէտք է միշտ յարգէ ամէն մէկ անհատի արժանապատուութիւնը, բարեացակամ հայեացքով, գրեթէ ողորմած հայեացքով մը, որպէսզի միշտ որոնէ իսկական  ճշմարտութիւնը։

Դատաւորները տիպարներ են

«Դուք պարզ պաշտօնակատարներէ աւելի էք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ. «Դատաւորները տիպարներ են համայն քաղաքացիներուն դիմաց ու յատկապէս երիտասարդներուն համար» հաստատեց Ան ու խօսքը աւարտեց նշելով որ այդ տիպարներէն ոմանք նոյնիսկ իրենց կեանքը նուիրեցին արդարութեան առաջնահերթ արժէքին իրենց հաւատարմութեան համար։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին է որ այսօր կ՛ուղղեմ յատուկ եւ երախտագիտական յիշողութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ բոլոր ներկաներուն վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2019, 11:30