Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը՝ աղօթելու Պահամասի թերակղզիին մէջ մահացած գաղթականներուն համար:

«Մտածումս կ՝երթայ Պահամասի մօտակայքը ծովուն մէջ խեղդամահ եղած գաղթականներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 6 փետրուար 2019-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին ներս կատարած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց աղօթելու Պահամասին մօտակայքը, ծովուն մէջ խեղդամահ եղած գաղթականներուն համար:
Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
«Անցեալ շաբաթ օր Պահամասի թերակղզիին մօտակայքը ընկղմած է, յոյսի եւ ապագայի փնտռտուքի ելած՝ տասնեակ գաղթականներ փոխադրող Հայիթէեն ժամանած նաւակ մը: Իմ մտածումս կ՝երթայ տառապող ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ Հայիթի ժողովուրդին թիրախ այս նոր աղէտին: Կը հրաւիրեմ ձեզ միանալու իմ աղօթքիս՝ զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար:»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2019, 10:44