Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը. Ղուկասի չորս երանութիւններն ու չորս Վայերը։

Վայերը կը ծառայեն արթնցնելու համար անոնք որոնք մխրճուած են եսասիրութեան խաբէութեան մէջ ու բանալու համար անոնց սիրտը սիրոյ տրամաբանութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 փետրուար 2019-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ օրուան խորհրդածութիւնը հիմնուելով աւետարանական ընթերցումին վրայ, որ քաղուած էր Մարկոս Աւետարանիչէն (Գլ 6, 17.20-26) ուր առաքեալը համառօտ կերպով կը ներկայացնէ Յիսուսին երանութիւնները, անոնց կցելով չորս «Վայ»եր, որոնք այս աշխարհի վրայ տիրող կացութեան յեղաշրջումը կ՛աւետեն հանդերձեալ աշխարհին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Չորս «վայեր»ով Յիսուս կ՛ուզէ մեր աչքերը  բանալ

«Այդ չորս վայերով Յիսուս մեր աչքերը կը բանայ ու երեւոյթներէ եւ մակերեսայինէն անդին, մեզի թոյլ կու տայ նայիլ իր հայեացքով, սորվեցնելով զատորոշում կատարել հաւատքի միջոցաւ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով թէ Յիսուս երանի կը հռչակէ աղքատները, անօթիները, ողբացողներն ու հալածուածները,  ապա վա՜յ կը կարդայ անոնց որոնք հարուստ են, յագեցած են, կը խնդան ու մարդիկ լաւ կը խօսին անոնց մասին։

Աստուած մօտիկ է անոնց որոնք կը տառապին

 «Աստուած արդարեւ մօտիկ է անոնց որոնք կը տառապին ու կը միջամտէ զանոնք ազատելու համար իրենց ստրկութենէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նշելով որ Վայերն ալ եղած են արթնցնելու համար անոնք որոնք մխրճուած են եսասիրութեան խաբէութեան մէջ ու բանալու համար անոնց սիրտը սիրոյ տրամաբանութեան։

Վստահիլ Տիրոջ եւ ոչ թէ խաբուսիկ իրողութիւններուն

«Այսօրուան Աւետարանը մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածելու հաւատքի խոր իմաստի մասին որ կը հիմնուի Տիրոջ վրայ անվերապահ վստահութիւն ունենալուն վրայ»  ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը զգուշացնելով հաւատացեալները աշխարհի  խաբուսիկ երջանկութենէն ու հարցերու «կախարդական» լուծումներ գտնելու խոստումներէն, «որոնք մեզ կը մղեն պաշտելու կուռքեր փոխան Աստուծոյ» յարեց Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացնելով չորս երանութիւններուն վրայ. Երանի հոգիով աղքատներուդ, որովհետեւ Աստուծոյ արքայութիւնը ձեզի է։ Երանի ձեզի որ հիմա անօթի էք, որովհետեւ պիտի յագենաք, երանի ձեզի որ հիմա կու լաք որովհետեւ պիտի խնդաք եւ երանի ձեզի երբ մարդիկ ձեզ ատեն, ձեզ մերժեն, ձեզ անարգեն, վարկաբեկեն ձեր անունը՝ Մարդու Որդիին պատճառով։

Աւետարանական խօսքերը ունկնդրել սրտով ու մտքով

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ Յիսուսին երանութիւնները վճռակամ պատգամ մըն են որ մեզ կը հրաւիրէ մեր վստահութիւնը չի դնելու անցողական եւ նիւթական իրականութիւններու վրայ, չի փնտռելու երջանկութիւնը ծուխ ծախողներու մօտ։ «Տէրը մեզ կը հրաւիրէ ճանչնալու այն ինչ որ իսկապէս մեզ կը հարստացնէ, մեզ կը յագեցնէ ու մեզի կը շնորհէ ուրախութիւն եւ արժանապատուութիւն։ Այն ինչ որ իսկապէս իմաստ եւ լիութիւն կու տայ մեր կեանքին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ լաւապէս ունկնդրելու Աւետարանին խօսքերը՝ սրտով ու մտքով, որպէսզի անոնք պտուղ տան մեր կեանքին՝ ու մենք դառնանք վկաները այն երջանկութեան որ հիասթափ չի թողուր։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2019, 12:09