Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Այսօր եւս աշխարհը պէտք ունի յարատեւողական եւ արի քրիստոնեաներու» Ֆրանչիսկոս Պապ

Աշխարհը պէտք ունի անձերու որոնք բաց են Հօր Աստուծոյ կամքին ու յանձնառու են զայն հաւատարմութեամբ վկայելու միւսներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 3 Փետրուար 2019-ի կէսօրին արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին- Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան աւետարանը քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչէն, ուր կը պատմուի Յիսուսին իր ծննդավայր Նազարէթ տուած այցելութեան մասին,  մատնանշեց թէ ինչպէս Յիսուսին հայրենակիցները, թէեւ մէկ կողմէն կը հիանային «շնորհքով օծուն անոր խօսքերուն վրայ», միւս կողմէն զարմացած էին թէ ինչպէս իրենցմէ մէկը «Յովսէփի որդին» ինքզինք Քրիստոս կը հռչակէ։

Աստուած հաւատք կը պահանջէ, անոնք հրաշքներ կը խնդրէին

Անոնք կը պահանջէին որ Յիսուս հրաշքով մը բացայայտէր այդ մէկը սակայն Յիսուս կը մերժէ այդ առաջարկը՝ այդ տրամաբանութիւնը որ  Աստուծոյ ծրագրին չէր համապատասխաներ. Աստուած հաւատք կը պահանջէ, անոնք հրաշքներ կը խնդրէին. Աստուած կ՛ուզէ բոլորը փրկել, անոնք  իրենց շահերուն համար Մեսիա մը կը փնտռէին։

Երբ Յիսուս իրեններուն կը բացատրէ Աստուծոյ փրկարար ծրագիրի ձրիութիւնն ու անոր տիեզերականութիւնը, Նազարէթի բնակիչները, բարկութեամբ լեցուած, զինք  քաղաքէն դուրս կը հանեն ու կը տանին մինչեւ լերան գագաթը այնտեղէն զինք գահավիժելու նպատակով։ Սակայն Յիսուս անոնց մէջէն անցնելով կը շարունակէ իր ճամբան։

Յիսուսին առաքելութիւնը սկիզբ առաւ մերժումով մը ու մահուան սպառնալիքով

Այս Աւետարանը, ըսաւ Սրբազան Պապը, ցոյց կու տայ թէ ինչպէս Յիսուսին առաքելութիւնը սկիզբ առաւ մերժումով մը ու մահուան սպառնալիքով։ Յիսուս լաւապէս գիտէր  թէ իրեն յանձնուած Հօր առաքելութիւնը կատարելու հարմար պիտի դիմագրաւէր դժուարութիւններ, մերժում, հալածանք եւ պարտութիւն։ Այս բոլորը սակայն Յիսուսը յուսալքումի չեն մատներ ու Ան իր ճանապարհը կը շարունակէ վստահելով Հօր սիրոյն վրայ։

Աշխարհը պէտք ունի ուրիշներու ծառայութեան նուիրուած անձերու։ 

Այսօր եւս աշխարհը կարիք ունի արի ու յարատեւողական անձերու որոնք կը համապատասխանեն քրիստոնէական կոչին։ Անձինք որոնք կը հետեւին Սուրբ Հոգիի կոչին, աղքատներուն ու բացառուածներուն յոյս ու փրկութիւն հռչակելու համար։ Անձեր որոնք կը հետեւին հաւատքի տրամաբանութեան, որոնք նուիրուած են ուրիշներու ծառայութեան, անձինք որոնք բաց են ընկալելու համար Հօր Աստուծոյ կամքը ու յանձնառու են զայն հաւատարմութեամբ  վկայելու միւսներուն»« ըսաւ Քահանայապետը հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի «մենք եւս քալենք Յիսուսին նոյն առաքելական եռանդով» յարեց Սրբազան Պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2019, 12:09