Եմենցի մանուկներ Եմենցի մանուկներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց Եմենի սովամահ մանուկներուն ի նպաստ։

Քահանայապետը յիշեց նաեւ «Կեանքի պաշտպանութեան ի նպաստ» օրը ու շնորհաւորեց Լուսնի Նոր Տարին տօնախմբողները։
Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 3 Փետրուար 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին սրտաբուխ կոչ ուղղեց ի նպաստ Եմենի սովամահ մանուկներուն։

Կոչ ի նպատս Եմենի մարդասիրական ճգնաժամի լուծումին

«Մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Եմենի մարդասիրական ճգնաժամին» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Բնակչութիւնը  ուժասպառ եղած է երկարատեւ հակամարտութեան պատճառաւ ու բազմաթիւ մանուկներ կը տառապին սովէն, սակայն անհնար կը թուի սնունդի շտեմարաններ մուտք գործելը։  Այդ մանուկներուն ու անոնց ծնողներուն ճիչը կը բարձրանայ դէպի Աստուած։

Կեանքի պաշտպանութեան ի նպաստ օր

Կոչ կ՛ուղղեմ հակամարտող կողմերուն ու միջազգային հասարակութեան շտապ կերպով ի գործ դնելու ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, ապահովեցնելու համար սննդեղէնի բաշխումը ու գործելու ի նպաստ բնակչութեան բարիքին։ Բոլորը կը հրաւիրեմ աղօթելու Եմենի համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու ակնարկեց Իտալիոյ մէջ այսօր յիշատակուող Կեանքի պաշտպանութեան ի նպաստ օրուան- միանալով Եպիսկոպոսներու պատգամին ու եկեղեցական հասարակութիւնն ու կեանքի ի նպաստ շարժումները քաջալերելով յարատեւելու կեանքի պաշտպանութեան իրենց յանձնառումին մէջ, այս ծիրէն ներս կոչ ուղղելով նաեւ իշխանութիւններուն ու մշակութային եւ ընկերային տարբեր իրականութիւններուն, յանձնառումով գործելու՝ խթանելու համար ծնունդները։

Շնորհաւորութիւններ Լուսնի Նոր տարուան առթիւ

Նորին Սրբութիւնը յիշելով ապա որ յառաջիկայ 5 փետրուարին ծայրագոյն արեւելիքի ու աշխարհի զանազան վայերուն մէջ միլիոնաւոր մարդիկ պիտի տօնախմբեն  Լուսինի նոր տարին շնորհաւորեց անոնց տօնը ու հրաւէր ուղղեց աղօթելու խաղաղութեան պարգեւին համար։

Աղօթք Արաբական Էմիրութիւններ ճամբորդութեան համար

Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց Ացիոնէ Քաթթոլիքա իտալական բանուորական շարժումի պատանիները ու Մարեմեան Աղօթքը եզրափակեց յայտնելով թէ քիչ ետք պիտի մենի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ որուն առընչութեամբ հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթքով իրեն ընկերանալու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2019, 12:13