Սուրբ Քրիսփինոյի եկեղեցին Սուրբ Քրիսփինոյի եկեղեցին 

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Հռոմի Սան Քրիսփինօ ժողովրդապետութիւնը։

Այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումներ կ՛ունենայ երիտասարդներուն ու անչափահասներուն հետ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի Թեմին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ յառաջիկայ կիրակի՝ 3 մարտ 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յետմիջօրէին,  հովուական այցելութիւն պիտի տայ  Հռոմի Վիթերպոյի Սուրբ Քրիսփինօ  ժողովրդապետութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը այցելութեան վայր կը ժամանէ 16-ին ու կը դիմաւորուի Հռոմի Թեմին տեղակալ արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Տէ Տոնաթիսի կողմէ, ընկերակցութեամբ շրջանի եպիսկոպոս գերապայծառ Կուերինօ Տի Թորայի եւ ժողովրդապետութեան Հովիւ՝ Հայր Լուչանօ Քաչչամանիի ու ժողովրդապետութեան մէջ ծառայող քահանաներուն։ Այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումներ կ՛ունենայ երիտասարդներուն ու անչափահասներուն հետ, որոնք կը հետեւին քրիստոնէականի դասընթացքին ու անոնց որոնք արդեն ընդունած են դրոշմի խորհուրդը։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հանդիպում կ՛ունենայ անոնց ծնողներուն հետ մինչ ժողովրդապետութեան գետնայարկը գտնուող մէկ սրահին մէջ՝ կը հանդիպի տնանկ 30 աղքատներու հետ, որոնք կը գտնուին  տեղական Քարիթասի ու Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան խնամքին ներքոյ, ապա կը հանդիպի հիւանդներուն ու Սան Քրիսփինօ կեդրոնին անկարներուն հետ։ Ողջունելէ ետք ժողովրդապետութեան մէջ գործող քահանաները, Սրբազան Հայրը մի քանի հաւատացեալներոն կը մատակարարէ  խոստովանանքի խորհուրդը ու հովուական այցելութիւնը կ՛եզրափակէ ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորելով Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։

Ի պատրաստութիւն Սրբազան Քահանայապետին Սան Քրիսփինօ կատարելիք հովուական այցելութեան, բացի մաքրութիւններէն ու դասաւորումներէն, տեղական հաւատացեալ հասարակութիւնը երկուշաբթի՝ 25 փետրուարի երեկոյեան, կազմակերպեց  խաղաղութեան ի նպաստ յատուկ աղօթքի երեկոյ մը, մինչ ուրբաթ՝ մարտ մէկի երեկոյեան նախատեսուած է Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան պաշտամունքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2019, 08:27