Որոնել

Քահանայապետը ՖԱՕ-ի մէջ 13.03.2018-ին Քահանայապետը ՖԱՕ-ի մէջ 13.03.2018-ին 

14 Փետրուարին Քահանայապետը կ՛այցելէ Հռոմի ՖԱՕ-ի կեդրոնատեղին:

ԻՖԱՏը՝ գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամը կը գործէ աշխարհի 181 երկիներուն մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այնպէս ինչպէս յայտարարուած էր անցեալ 27 Նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի 14 Փետրուարին, պիտի այցելէ Հռոմի ՖԱՕ-ի կեդրոնը ուր տեղի կ՛ունենայ  «ՄԱԿ-ի գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամի (ԻՖԱՏ-ի) կառավարիչներու խորհուրդի 42-րդ նիստը»։

Ժամը 9էն մինչեւ 11 երկու ժամ տեւող այցելութեան ընթացքին ՝ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը պիտի ուղղէ Կառավարիչներու Խորհուրդին ապա պիտի հանդիպի բնիկ ժողովուրդները ներկայացնող մէկ պատուիրակութեան անդամներուն հետ հուսկ սրտի խօսքը պիտի ուղղէ ՄԱԿ-ի գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամի անձնակազմին։

ԻՖԱՏը՝ գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամը ֆինանսական միջազգային կազմակերպութիւն մըն է որ ստեղծուած է 13 դեկտեմբեր 1977-ին նպատակ ունենալով աճեցնել գիւղատնտեսութիւնն եւ սննդեղէնի արտադրութիւնը, նպաստելով շահառուներու կեանքի մակարդակին բարելաւումին։

Աղքատները աշխարհի բնակչութեան 70 առ հարիւրը կը կազմեն

«Ան արդարեւ  կը ֆինանսաւորէ զարգացումի ծրագիրներ որոնք յատկացուած աշխարհի ամենաաղքատներուն, այսինքն անոնց որոնք կ՛ապրին գիւղական շրջաններուն մէջ եւ որոնք կը կազմեն՝ մոռցուած ու օգնութեան կարօտող աշխարհի բնակչութեան 70 առ հարիւրը» նշած է այս առթիւ ԻՖԱՏի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Արելլանօ, որ ապա յայտնած է թէ Սուրբ Աթոռը միշտ մաս կազմած է այս կազմակերպութեան, անոր ստեղծումէն ի վեր ու թէ Ֆրանչիսկոս Պապին այցը կ՛ուզէ ընգծել աղքատները չի մոռնալու կարեւորութիւնը։  

Գերապայծառ Արելլանօ մատնանշած է ապա Պօղոս Զ Քահանայապետին 1964-ին ուղղած կոչին՝ հիմնելու աշխարհի աղքատներուն յատկացուած հիմնադրամ մը որուն նպատակը ըլլայ ֆինանսաւորել աշխարհի աղքատ շրջաններուն մէջ ապրող մարդոց  կեանքի զարգացումին ու բարգաւաճումին նպաստող ծրագիրներ։

Յայտնենք թէ ԻՖԱՏը՝ գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամը կը գործէ աշխարհի 181 երկիներուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2019, 12:13