Որոնել

Սուրբ Պետրոսի արձանը Սուրբ Պետրոսի արձանը 

Ֆրանչիսկոս Պապ հաւատացեալները հրաւիրեց աղօթելու՝ Ս. Պետրոսի Գահին համար։

«Աղօթեցէք ինծի եւ իմ առաքելութեանս համար որպէսզի ամենուրէք եւ միշտ հաւատքի մէջ հաստատեմ իմ եղբայրներս»

Ռոպէր Աթթարան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 20 փետրուար 2019-ի առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ նախագահած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով այնտեղ համախմբուած բազմահազար հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն յիշեցնելով որ յառաջիկայ ուրբաթ օր կը յիշատակուի Սուրբ Պետրոս Առաքեալի Գահին տօնը։

«Աղօթեցէք ինծի եւ իմ առաքելութեանս համար, ու նաեւ Պենետիկտոս Պապին համար, որպէսզի ամենուրէք եւ միշտ հաւատքի մէջ հաստատեմ իմ եղբայրներս» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղելով հաւատացեալներուն աղօթելու իրեն համար։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2019, 11:00