Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Անչափահասներու պաշտպանութեան եպիսկոպոսական վեհաժողովին՝ Ֆրանչիսկոս Պապին եզրափակիչ պատգամը։

Քահանայապետը բոլոր իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց՝ անչափահասներու չարաշահումներուն դէմ մղելու ընդլայնուած պաքար մը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 փետրուար 2019-ին,  եկեղեցւոյ մէջ անչափահասներու պաշտպանութեան հայող վեհաժողովին մասնակցած 190 եպիսկոպոսներուն, պատրիարքներուն, կարդինալներուն ու կղերականներուն մասնակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Ռեճա դահլիճին մէջ մատոյց վերոնշեալ վեհաժողովին  եզրափակիչ սուրբ պատարագը որուն  աւարտին ուղղեց իր եզրափակիչ պատգամը, որուն մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն «անոնց գործնական յանձնառումին համար», ապա նշեց թէ այս օրերուն աշխատանքը զիրենք մղեց աւելի լաւ գիտակցելու անչափահասներու դէմ գործուած սեռային չարաշահումներու վէրքին որ՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, դժբախտաբար պատմական օրէն տարածուած է  բոլոր մշակոյթներուն  ու ընկերութիւններուն մէջ ու միայն վերջին ժամանակներուն է որ դարձած է ուսումնասիրութեան նիւթ շնորհիւ հանրային կարծիքի զգայնութեան փոփոխութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Մանուկներու չարաշահումի մասին վիճակագրութիւններ

Ֆրանչիսկոս Պապ այս ուղղութեամբ ակնարկեց ազգային ու միջազգային կազմակերպութիւններու՝ մանուկներու չարաշահումին մասին հրապարակած  տեղատուութիւններուն ու վիճակագրութիւններուն զանոնք համարելով ոչ կատարեալ՝ ի տես յատկապէս այն բռնութիւններուն, որոնք կը կատարուին ընտանեկան յարկէն տակ եւ որ շատ անգամ  թաքուն կը մնան։

«Միակ իրողութիւնը այն է որ միլիոնաւոր մանուկներ աշխարհի մէջ զոհ են չարաշահումներու ու սեռային բռնութիւններու» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով վերոնշեալ կազմակերպութիւններու վիճակագրական տուեալներուն ու այդ տուեալներէն ի յայտ եկած իրականութեան թէ՝ չարաշահումներու մեծ մասը տեղի կ՛ունենայ ընտանեկան  ու հասարակական միջավայրի  ներքոյ, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Եկեղեցին ու վերջին տարիներուն այդ ցանկին մէջ ներառուած է նաեւ «ցանցային» միջավայրը։

Անդրադառնաելով նաեւ «սեռային զբօսաշրջութեան» վէրքին մասին Սրբազան Պապը դիտել տուաւ որ «կը գտնուինք տիեզերական մէկ հարցի մը դիմաց» ու հաստատեց թէ «հակառակ ասոր՝  այս մէկը չի կրնար նուազեցնել Եկեղեցւոյ մէջ գործուած արարքներու հրէշութիւնը», ընդհակառակը՝ այդ մէկը աւելի ծանր կը դառնայ՝ որովհետեւ հակառակ է նոյնինքն եկեղեցւոյ բարոյական իշխանութեան ու հաւատալիութեան։

Աստուծոյ զայրոյթը

«Օծեալը ընտրուած է հոգիները առաջնորդելու  դէպի փրկութիւն, սակայն թոյլ կու տայ հպատակիլ մարդկային տկարութեան, կամ հիւանդութեան, դառնալով սատանայի գործիք» յարեց հուսկ Քահանայապետը  մանկապղծութիւններու ետին դասելով «չարին ձեռքը» որ չի խնայեր նոյնիսկ մանուկներու անմեղութիւնը։

«Չկան արդարեւ բացատրութիւններ այդ արարքներուն», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ  «խոնարհութեամբ ու քաջութեամբ պէտք է ընդունինք որ կը գտնուինք չարին խորհուրդին առաջեւ» եւ թէ  ասոր համար է որ «եկեղեցւոյ մէջ աճեցաւ գիտակցութիւնը՝ պայքար մղելու այդ ծանր մեղքին դէմ»։

Այստեղ կ՛ուզեմ  յստակօրէն վերահաստատել թէ «եթէ եկեղեցւոյ մէջ ի յայտ գայ նոյնիսկ մէկ չարաշահումի արարք, այդ մէկը պիտի դիմագրաւուի ամենայն լրջութեամբ» հաստատեց Սրբազան Պապը, այս առընչութեամբ մարդոց ու հաւատացեալներուն արդարացի զայրոյթին մէջ նկատելով Աստուծոյ զայրոյթը, որ դաւաճանուեցաւ այդ  անազնիւ օծեալներու կողմէ։

Անսալ լռելեան ճիչին

«Մենք պարտականութիւնն ունինք անսալու այդ մանուկներու ու անչափահասներու լռելեան ճիչին» ըսաւ  ապա Ֆրանչիսկոս Պապը սեռային բռնութիւններն ու չարաշահումները նկատելով նաեւ հետեւանք իշխանութեան չարաշահումին ու այս ծիրէն ներս մատնանշելով  աշխարհի մէջ չարաշահուած 85 միլիոն մանուկներուն, որոնք, ըսաւ Քահանայապետը, մոռցուած են բոլորէն. մանուկ զինուորներ, պոռնկութեան զոհ մանուկներ, անօթի մանուկներ, առեւանգուած ու մարդավաճառութեան զոհ մանուկներ, ստրկութեան թիրախ ու պատերազմներու զոհ մանուկներ, գաղթական մանուկներ ու աշխարհ չեկած մանուկներ….

Չարի յայտնութիւն

«Եղբայրներ եւ քոյրեր մենք կը գտնուինք չարի յայտնութեան դիմաց» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց ներկաները յանձն առնելու բոլոր միջոցները սկսեալ անձնական մեղադրանքէն, անցնելով աղօթքէն ու ապաշխարութենէն, «որպէսզի կարողանանք յաղթել չարի ոգին այնպէս ինչպէս ըրաւ մեր Տէրը Յիսուս»։

Արմատախիլ ընել չարը - ռազմավարական ցանկ 

«Եկեղեցւոյ նպատակը առ այդ պիտի ըլլայ ունկնդրել, պաշտպանել ու խնամել չարաշահուած անչափահասները որտեղ ալ որ գտնուին անոնք։ Հասած է ժամը միասին համագործակցելու արմատախիլ ընելու համար այդ դաժանութիւնը, դիմելով ամէն տեսակ միջոցներու, ըլլայ միջազգային, ըլլայ եկեղեցական գետնի վրայ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու այս ուղղութեամբ ներկայացուց մանուկներու դէմ բռնութիւնները  վերացնելու «“Best Practices – լաւագոյն գործողութիւններու” ռազմավարական ցանկ մը, սկսեալ ամէնակարեւորէն այն է «պաշտպանել մանուկները»։ Այս ծիրէն ներս հարկաւոր է մտայնութեան փոփոխութիւնը, մեր աչքերուն առջեւ ունենալով միշտ այդ անմեղ մանուկները ու Վարդապետին խօսքերը որ կը զգուշացնէ գայթակղութիւն պատճառելու անոնց։

Երկրորդ՝ անբասիր լրջութիւն։ Եկեղեցին ջանք պիտի չի խնայէ արդարութեան յանձնելու բոլոր անոնք որոնք այդ ոճիրները կը գործեն ու պիտի խուսափի այդ արարքները թաքնացնելու փորձութենէն։ Երորդ իսկական բիւրեղացում՝ դարձ ապաշխարութիւն ու յարատեւ յանձնառում ձգտելու սրբութեան, ջանալով անցեալին գործուած սխալները դարձնել հնարաւորութիւն՝ արմատախիլ ընելու համար այդ վէրքը։

Աստուծոյ  վախը մեզ կը մղէ մենք մեզ մեղադրելու, ըլլայ որպէս անձեր ըլլայ որպէս հաստատութիւն։ Չորրորդ կազմաւորում։ Պատշաճ կազմաւորում բոլոր անոնց որոնք իրենց թեկնածութիւնը կը ներկայացնեն Կազմաւորումի։

Կազմաւորումի ծիրէն ներս քննարկումի ենթարկել նաեւ թեկնածուներուն բարոյական ու հոգեբանական ծաւալը։ Հինգերորդ ամրապնդել Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու ուղեցոյցները՝ զանոնք ենթարկելով վերատեսութեան. վեցերորդ առաջնորդել ու ընկերանալ բռնութեան զոհ անձերուն անոնց տրամադրութեան տակ դնելով մասնագիտական հմտութիւնիններ ու յատկապէս ունկնդրութիւն տրամադրելով անոնց ու անոնց տառապանքին։

Եօթներորդ եւ ութերորդ կէտերը յատկացուեցան «թուային աշխարհին» ու «սեռային զբօսաշրջութեան» որոնց ծիրէն  ներս հարկաւոր է ուշադիր ըլլալ ու այնպէս ընել որ երիտասարդները հապատակ չի դառնան այդ աշխարհին ու նաեւ հսկել որ «պոռնկագիր պատկերներ» ու այլ բռնութեան երեւոյթները չի տարածուին ոտնակոխ ընելով մարդ անհատի արժանապատուութիւնը։

 Այս ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ յատկապէս եկեղեցականներէ գործուած արարքներուն վրայ անդրադառնալով Պենետիկտոս Քահանայապետին 2010-ին վաւերացուցած  այդ յանցանքները գործողներուն դէմ պատիժի խստացումը։

Շնորհակալութիւն հաւատարիմ կղերականներուն ու հաւատացեալներուն

Նորին Սրբութիւնը իր պատագմի աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն ուզեց արտայայտել բոլոր այն քահանաներուն ու նուիրեալ անձերուն որոնք հաւատարմութեամբ ու ամբողջական նուիրումով կը ծառայեն Տիրոջ եւ որ այսօր  իրենք զիրենք անարգուած կը զգան ի տես իրենց մի քանի եղբայրակիցներուն գործած ամօթալի արարքներու համար։ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հաւատացեալներուն որոնք գիտեն զատորոշել բարի հովիւները քէշ հովիւներէն անոնցմէ  խնդրելով որ շարունակեն աղօթել այդ քահանաներուն համար ու թիկունք կանգնիլ անոնց առաքելութեան։

Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդը իր առօրեայի լռութեան մէջ կը շարունակէ վճռակամ յոյսով վստահութիւն ցուցաբերել այն իրողութեան վրայ՝ որ Տէրը երբեք մեզ չի լքեր։ Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդը արդարեւ Եկեղեցւոյ ամենալաւ դիմագիծն է, որ Սուրբ Հոգւոյն օգնութեամբ գիտէ որպէս կեանքի կեդրոն ընտրել իր Տէրը եւ ճիշդ այս Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդն է որ մեզ պիտի ազատագրէ կղերապաշտութեան վէրքէն որ բերրի հող մըն է այդ պժգալի արարքներուն։

Եզրափակիչ կոչ

Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց բոլոր իշխանութիւններուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց կոչ ուղղելով՝ անչափահասներու չարաշահումներուն դէմ  մղելու ընդլայնուած պաքար մը,  որովհետեւ, ըսաւ Ան, անոնք գարշելի ոճիրներ են զոր պէտք է ոչնչացնել աշխարհէն։ Այս է այն ինչ որ կը պահանջեն այսօր այդ արարքներու բոլոր զոհերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2019, 11:20