Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Microsoft» ընկերութեան նախագահը։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Microsoft» ընկերութեան նախագահը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Microsoft» ընկերութեան նախագահը։

Ճանաչողական գիտութիւնները ի նպաստ հասարակաց բարիքին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 13 փետրուարի յետմիջօրէին առանձնական ունկնդրութիւն շնորհեց «Microsoft» ընկերութեան նախագահ՝ Պրատ Սմիթին, որ այս օրերուն Իտալիոյ զանազան համալսարաններուն մէջ ելոյթներ կ՛ունենայ։ Նախագահին կ՛ընկերանար Կեանքի Քահանայապետական Ակադեմիայի նախագահ՝ գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա։

Քահանայապետին հետ հանդիպման ընթացքին Պրատ Սմիթը խօսած է հասարակաց բարիքի ծառայութեան ի նպաստ Ճանաչողական գիտութիւններու մասին ու այդ ուղղութեամբ որոշ գործողութիւններու մասին»։ Ան ապա Քահանայապետին իմացուց որ Կեանքի Քահանայապետական Ակադեմիայի հետ համագործակցութեամբ  Microsoft ընկերութիւնը պիտի ստեղծէ միջազգային մրցանակ՝ նուիրուած Ճանաչողական գիտութիւններու բարոյականութեան որ պիտի ըլլայ նաեւ վերոնշեալ ակադեմիայի 2020 թուականի ընդհանուր հաւաքին նիւթը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2019, 09:00