Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատագմը Տուպայի Կառավարութիւններու համաշխարհային գագաթաժողովին

«Ի՞նչ տեսակ աշխարհ կ՛ուզենք կերտել միասնաբար»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փետրուարի 10-էն 12-ը  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքին մէջ, տեղի կ՛ունենայ  «World Government Summit -Կառավարութիւններու համաշխարհային գագաթաժողով»ը, աշխարհի ամենամեծ վեհաժողովը, որուն կը մասնակցին  կառավարութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ գիտնականներու ներկայացուցիչները, միասին քննարկելու ու համար՝ հանրային պետական ծառայութիւններու զարգացումին ուղղութեամբ կառավարման նոր ձեւեր։

Այս առթիւ Կիրակի՝ 10 փետրուար 2019-ին  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց Վեհաժողովին մասնակիցներուն որուն մէջ ըսաւ.

Սիրելի Բարեկամներ՝ Ալ Սալամ Ալէյքոմ, Խաղաղութիւն ձեր հետ։

Կ՛ուզեմ ձեզ ողջունել ու ձեզի մաղթել բարի աշխատանք։ Սրտիս մէջ կը կրեմ տակաւին Արաբական Էմիրութիւններ կատարած այցելութիւնս ու ինծի վերապահուած ջերմ ընդունելութիւնը։

Հանդիպեցայ ժամանակակից երկրի մը՝ որ ապագային կը նայի առանց սակայն մոռնալու իր արմատները, երկիր մը որ կը ջանայ գործնական նախաձեռնութիւններու՝  վերածել բարերը.  հանդուրժողականութիւն, եղբայրութիւն, փոխադարձ յարգանք, ազատութիւն։

«Ականատես եղայ նաեւ անապատի մէջ ծաղկած ծաղիկներուն ու տուն վերադարձայ այն յոյսով որ աշխարհի բազմաթիւ անապատներ եւս կարող են ծաղկիլ» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ այս մէկը կարելի է միայն եթէ միասին աճինք, մէկը միւսին կողքին, յարգելով զիրար ու պատրաստակամ ըլլալով միասին դիմգրաւել բոլորին հարցերը։

«Ի՞նչ տեսակ աշխարհ կ՛ուզենք կերտել միասնաբար»

Սրբազան Պապը հուսկ ակնարկեց վեհաժողովի ընթացքին դիմագրաւուած հիմնական հարցերուն՝ քաղաքականութեան, տնտեսութեան զարգացումին, բնապահպանութեան, նորաձեւ արուեստագիտութիւններու օգտագործման մարտահրաւէրները, մաղթանք յայտնելով որ ժողովականներուն հարցականը ըլլայ «ի՞նչ տեսակ աշխարհ կ՛ուզենք կերտել միասնաբար»։  Հարցական մը որ կը նայի ապագային ու մեր ուսերուն վրայ ծանրացած այն պատասխանատուութեան՝ մեր պարած աշխարհքը փոխանցելու մեզմէ ետք եկողներուն, «զայն փրկելով ապականութենէն՝ ըլլայ բնպահպանական, ըլլայ բարոյական» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ կարելի չէ խօսիլ զարգացումի մասին առանց զօրակցութեան ու թէ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կայ «անկեղծ երկխօսութեան» որովհետեւ «առանց անոր՝ ապագայ չկայ եւ ոչ մէկուն» նշեց Նորին Սրբութիւնը ու պատգամին աւարտին մաղթանք յայտնեց որ ժողովականները իրենց գործունէութիւնը սկսին անհատներու դիմագիծերէն, անսալով ժողովուրդներու ճիչին, աղքատներու ճիչին ու խորհրդածելու մանուկներուն պահառջներուն վրայ։ Ան ապա պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին՝ անոնց հասարակաց բարիքին ի նպաստ մատուցած ծառայութեան համար ու Տիորջմէ հայցեց որ օրհնէ  անոնց յանձնառումը ի նպաստ աւելի արդար ու աւելի բարգավաճ աշխարհի մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2019, 14:45