Որոնել

Նուիրեալ Կեանքի նուիրուած պատարագ Նուիրեալ Կեանքի նուիրուած պատարագ 

«Նուիրեալ կեանքը կենսական հանդիպում է Տիրոջ ու անոր ժողովուրդին հետ» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Այսօր կը յիշատակուի Տեառնընդառաջի տօնը որ կը զուգադիրի նաեւ Նուիրեալ Կեանքի ԻԳ համաշրջանային օրուան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 2 փետրուար 2019-ի յետմիջօրէի 17.30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցեց տեառնընդառաջի ու Նուիրեալ Կեանքի ԻԳ օրուայ նուիրուած սուրբ պատարագը, որուն առթիւ արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանելով օրուան աւետարանը ուր կը պատմուի Յիսուսին տաճար ընծայումին ու Մարիամի եւ Յովսէփի Սիմէոն ծերունիին ու Աննայի հետ հանդիպումի մասին, հաստատեց թէ օրուան ծէսը ցոյց կու տայ թէ ինչպէս Յիսուս ընդառաջ կ՛երթայ դէպի իր ժողովուրդը, այս տօնը որակելով «հանդիպումի տօն»։

Կանչուած ընկալելու Տէրը

Մենք եւս ըսաւ Քահանայապետը կանչուած ենք ընկալելու Յիսուսը որ մեզի կու գայ։ Պէտք է ամէն օր հանդիպիլ Կեանքի Աստուծոյն հետ ու Յիսուսին հետեւելու որոշումը կեանքի մէջ առնուած առ միշտ, որոշում է որով Տէրը կ՛ընկալենք մեր կեանքէն ներս ու կը դարձնենք կեանքի կեդրոն։

«Յիսուսին հետ արդարեւ կը գտնենք քաջութիւնը՝ յառաջ ընթանալու եւ ուժը՝ հաստատ մնալու» ըսաւ ապա Քահանայապետը կարեւոր նկատելով կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին միշտ վերադառնալու դէպի ակնաղբիւրը՝ արմատները, այսինքն Տիրոջ հետ հանդիպումը, վերակենդանացնելու համար այդ առաջին սէրը։

Նուիրեալ կեանքը կը ծաղկի եկեղեցւոյ ներքոյ

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը նշեց թէ Աստուծոյ հետ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Աստուծոյ Ժողովուրդին մէջ ու Նուիրեալ Կեանքը եւս կը ծաղկի Եկեղեցիէն ներս, «ան կը հասուննայ երբ երիտասարդներն ու տարեցները միասին կը քալեն, երբ երիտասարդները տարեցներուն մէջ կը գտնեն արմատներ ու տարեցները կը գաղեն պտուղներ» յարեց Սրբազան Պապը, հրաւիրելով այսօրուայ հանդիպման տօնին առթիւ հայցելու՝ Տէրը վերագտնելու շնորհքը։

Կոչում եւ տեսլական

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց այդ հանդիպումի երկու եւոյթներուն՝ նախնական կոչումը ապա տեսլականը։

«Աստուծոյ հետ հանդիպումը ունի մեկնակէտ՝ որ է կոչումը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ կոչումը երկակի է՝ առաջինը «օրէնքի» համաձայն կոչումը, որով Մարիամ ու Յովսէփը փութացի տաճար իսկ երկրորդը Սուրբ Հոգիի համաձայն կոչը՝ ինչպէս եղաւ պարագան Սիմէոնին ու Աննային։

Հանդիպումի տօն

Երկու երիտասարդներ կը փութան տաճար կանչուած «օրէնքէն» եւ երկու ծերունիներ զանոնք կ՛ընկալեն մղուած Սուրբ Հոգիէն. Այս մէկը մեզի նկատել կու տայ որ բոլորս ալ կանչուած ենք հնազանդելու՝ ըլլայ օրէնքին, ըլլայ Սուրբ Հոգիին, որոնք  հոգեւոր կեանքին համար իրարու զօդուած իրողութիւններ են, «որովհետեւ նոյնիսկ ամենամեծ խարիզմները, առանց կանոնաւոր կեանքի, չեն կրնար պտղաբերել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Աստուած մեզ կը հրաւիրէ իրեն հանդիպելու հաւատարմութեան մէջ՝ առօրեայի աղօթքին, պատարագին, խոստովանանքի ու եղբայրսիրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ «Գործնական կեանքին մէջ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը նշելով որ կոչումը  իր գագաթնակէտը կը գտնէ տեսլականին մէջ։

Յիսուսը, կեանք,  յոյս եւ ապագայ

«Աչքերս տեսան Քու փրկութիւնդ ով Տէր» Սիմէոն Ծերունիին իր այս արտասանած խօսքերով կը տեսնէ Աստուծոյ պարզութիւնը ու կ՛ընդունի անոր ներկայութիւնը ու Մանուկը առնելով իր բազուկներուն մէջ կ՛ըսէ՝ «հիմա ով Տէր կրնաս  խաղաղութեամբ արձակել իմ հոգիս»։ «Ան Յիսուսին մէջ կը գտնէ իր կեանքին իմաստը՝ այս է ահա նուիրեալ կեանքին տեսլականը» ըսաւ Քահանայապետը, «մեր բազուկներուն մէջ գրկել Յիսուսը, որովհետեւ Ան է կեանքը, Ան է յոյսը ու Ան է ապագան»։

Նուիրեալ կեանքը հանդիպում  Տիրոջ ու անոր ժողովուրդին հետ

«Նուիրեալ կեանքը Եկեղեցւոյ մարգարէական այս տեսլականն է՝ հայեացք որ  կը տեսնէ Աստուծոյ ներկայութիւնը աշխարհին մէջ, նոյնիսկ եթէ շատեր չեն անդրադառնար այդ ներկայութեան»։ «Նուիրեալ կեանքը Աննայի փառաբանութիւնն է, որ ուրախութիւն կը պարգեւ Աստուծոյ Ժողովրդին։ Նուիրեալ կեանքը կենսական հանդիպում է Տիրոջ ու անոր ժողովուրդին հետ։ Կոչում է հաւատարիմ հնազանդութեան ու կոչում Սուրբ Հոգիին աննախադէպ անակնկալներուն։ Տեսլական է էականին որ ուրախութիւն կը պատճառէ՝ Յիսուսը» ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2019, 19:00