Ֆրանչիսկոս Պապ 15 փետրուարին պատարագ պիտի մատուցէ «Fraterna Domus di Sacrofano» կեդրոնին մէջ։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Գաղթականներու հիւրընկալութեան ուղղութեամբ իր յարատեւ ուշադրութիւնը վերահաստատելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ ուրբաթ 15 փետրուարի 2019-ի յետմիջօրէի 4-ին, Հռոմի «Fraterna Domus di Sacrofano» կեդրոնին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագով բացումը պիտի կատարէ գաղթականներու հիւրընկալութեան հայող «Վախէ ազատ» բնաբանով հաւաքին որ կազմակերպուած է Միկրանթէս Հիմնարկի, Իտալիոյ Քարիթասի եւ Ազթալլի կեդրոնի համագործակցութեամբ 15-էն մինչեւ 17 փետրուար 2019-ին»։
Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթէ տեղեկացնելով նաեւ որ «Նորին Սրբութեան վերոնշեալ կեդրոնին տուած այցելութիւնը ունի առանձնական հանգամանք ու թէ ասոր համար բացառուած է լրատուամիջոցներու մասնակցութիւնը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ