Լորեթոյի Սրբավայրը Լորեթոյի Սրբավայրը 

25 Մարտին Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ Լորէթոյի Սրբավայրը։

Լորեթորյի Սրբավայրին մէջ Նորին Սրբութիւնը պիտի ստորագրէ երիտասարդներուն նուիրուած յետ սիւնհոդոսական նամակը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յիսուսի պայծառակերպութեան տօնին օրը՝ յառաջիկայ 25 մարտ 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Լորեթոյի Սրբավայրը՝ Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրելու « յետ սիւնհոդոսական յորդորը» հայող անցեալ հոկտեմբերին գումարուած երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական  սիւնհոդոսին, որուն նիւթն էր՝ «երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը»։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր  տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ այցելութեան կեդրոնական պահը պիտի հանդիսանայ Լորեթորյի Սրբավայրին մէջ Նորին Սրբութեան մատուցած Սուրբ Պատարագը որուն աւարտին Ան պիտի ստորագրէ երիտասարդներուն նուիրուած վերոնշեալ յետ սիւնհոդոսական նամակը։

Նորին Սրբութեան Լորեթոյի Սրբավայր ուխտագնացութեան օրակարգի համաձայն Ան Լորեթոյի մօտակայքը գտնուող Յովհաննէս Պօղոս Բ կեդրոն կը ժամանէ  առաւօտեան 9-ին ուղղաթիռով, ապա ինքնաշարժով կը տեղափոխուի Սրբավայր՝ ուր 9.45-ին կը մատուցէ Սուրբ Պատարագը, որմէ ետք Սրբավայրի աւանդատան մէջ կը հանդիպի  Քափուչին Եղբայրներու միաբանութեան անդամներուն ու հիւանդներուն, մինչ Սրբավայրի հրապարակին վրայ Ան հանդիպում կ՛ունենայ հաւատացեալներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը ու նոյն վայրէն արտասանելով Մարեմեան Աղօթքը։  

Եպիսկոպոսներուն հետ կիսելէ ետք կէսօրուան ճաշը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2019, 09:28