Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց ԻՖԱՏ-ի անձնակազմը Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց ԻՖԱՏ-ի անձնակազմը  

Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց ԻՖԱՏ-ի անձնակազմը «Քիչեր շատ ունին ու շատեր քիչ ունին»։

Թէեւ շատ անգամ ձեր գործը գնահատուած չէ, սակայն Աստուած ամէն բան կը տեսնէ ու երբեք չի մոռնար բարին զոր կը գործէք

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

14 փետրուար 2019-ին, Հռոմի ՖԱՕ-ի կեդրոնատեղիին կատարած այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութեան աւարտին յատուկ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամի (ԻՖԱՏ-ի) անձնակազմի անդամներուն  հետ անոնց ուղղելով պատգամ մը, որուն մէջ ուրախութիւն արտայայտելով անոնց հետ հանդիպելուն համար Սրբազան Պապը նշեց թէ անոնք կը գործեն ի նպաստ աշխարհի աղքատներու ծառայութեան, «մարդիկ որոնք կ՛ապրին գիւղական շրջաններու մէջ յաճախ տխուր եւ դժուար պայմաններով»։

Շնորհակալութիւն

Ձեզի մտածելով միտքս կու գան երկու պարզ բառեր որոնցմէ առաջինը կը բխի սրտէն «շնորհակալութիւն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, գոհաբանելով Աստուած անոնց  ծառայական վեհանձն աշխատանքին համար, ի նպաստ անօթութեան ու աշխարհի թշուառութեան դէմ պայքարին։

«Քիչեր շատ ունին ու շատեր քիչ ունին» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով աշխարհի մէջ աղքատութեան ու յատկապէս անոնց որոնց կը պակսի նոյնիսկ առօրեայի հացը ու նշելով թէ ԻՖԱՏը կը գործէ հակահոսանք ու լռելեան կերպով, նման ծառի մը արմատներուն որոնք տեսանելի չեն սակայն անոնք են որ սնունդ կու տան բոյսին։

«Թէեւ շատ անգամ ձեր գործը գնահատուած չէ, սակայն Աստուած ամէն բան կը տեսնէ ու երբեք չի մոռնար բարին զոր կը գործէք ու գիտէ նաեւ ձեզ վարձատրել առատութեամբ» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով որ այդ գործը լաւապէս կատարելու համար հարկաւոր է մասնագիտութիւններուն միացնել նաեւ մարդկային զգայնութիւնը եւ ասկէ մեկնելով առաջարկեց մշակել ներքին կեանքը ու սիրտը լայնեցնող զգացումները, որոնք՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ. պատիւ կը շնորհեն անձերուն ու ժողովուրդներուն եւ գանձեր են որոնք աւելի արժէք ունին քան որեւէ  նիւթական բարիքէն։

Սրբազան Հայրը յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց ապա անկար մանուկներուն, կիներուն ու ընտանիքներուն վերապահուած ծրագիրներուն համար ու մատնանշեց երկրորդ բառին «յառաջ»։

Յառաջ ընթանալ 

«Յառաջ ընթանալ կը նշանակէ նորոգուած յանձնառումով յառաջ տանիլ ձեր գործը, առանց վհատելու եւ  առանց յուսալքուելու՝ կարծելով որ ձեր գործը պարզ կաթիլ մըն է ընդարձակ ծովուն մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը խրախուսելով ներկաները իրենց այդ յանձնառումին մէջ երբեք չի պակսեցնելու խանդավառութիւնը։

«Խանդավառութիւն բառը շատ գեղեցիկ է։ Զայն կարող ենք ըմբռնել որպէս «զԱստուած զետեղել մեր բոլոր գործերուն մէջ»  ըսաւ Քահանայապետը  դիտել տալով որ Աստուած երբեք չի յոգնիր բարիք գործելէ, Ան չի յոգնիր դարձեալ վերսկսելէ ու չի յոգնիր յոյս ներշնչելէ։

 «Ան չի յոգնելու բանալին է»  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յանձնարարելով ներկաները՝ ամէն մէկ փաստաթուղթի ետին փնտռելու դիմագիծ մը ու այդ դիմագիծէն մեկնելով մտահոգուելու  անհատներով, անոնց պատմութեամբ եւ իրավիճակով։

Որպէս վերջին խրատ Սրբազան Քահանայապետը առաջարկեց գործերը կատարել սիրով մէջբերելով Խաչեալ Սուրբ Յովհաննէսի խօսքը «հոգին որ կը քալէ սիրոյ մէջ չի ձանձրացնէր ուրիշները եւ ինքզինք չի յոգնեցնէր»։

 Որքա՞ն սէր կը դնեմ իմ գործերուս մէջ

«Յառաջ ընթանալու համար կարիքը կայ սիրոյ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները միշտ հարց տալու՝  «որքան սէր կը դնեմ իմ գործերուս մէջ», ու ասկէ մեկնելով հաստատեց թէ Ան որ կը սիրէ կարող է լուծումներ որոնել հարցերուն։ «Այն որ կը սիրէ երեւակայութիւնը կը գործածէ լուծումներ որոնելու համար ճիշդ այնտեղ ուր ուրիշներ միայն հարցեր կը տեսնեն։ Այն որ կը սիրէ ուրիշը կ՛օգնէ անոր պահանջներուն համաձայն եւ ստեղծագործութեամբ եւ ոչ թէ նախապէս հաստատուած գաղափարներու կամ սովորութիւններու հիման վրայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը եզրափակեց հաստատելով. «Խանդավառութիւն, դիագիծերու փնտռտուք ու սէր՝ ահա ասոնք են յառաջ ընթանալու պայմանները»։ Ան ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական  օրհնութիւնները ու նախ քան հրաժեշտ առնելը խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2019, 14:00