Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Կ՛ուզենք որ Եկեղեցին անչափահասներուն համար դառնայ անվտանգ վայր». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Իրազեկ դարձանք մեր պատասխանատուութեան ու մեր պարտականութեան՝ ճշմարտութեան միջոցաւ կիրակելու առադրութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 փետրուար 2019-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ողջունելով Աղօթքի մասնակցող Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները, անդրադարձաւ առաւօտեան մատուցած անչափահասներու պաշտպանութեան եպիսկոպոսական վեհաժողովին եզրափակիչ Սուրբ պատարագին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած մանկապղծութեան հարցերուն յառաջացուցած գայթակղութեան։

Ունկնդրութիւն, աղօթք, զղջում

«Բոլոր ցամաքամասերուն մէջ տարածուած հարց մը ըլլալով ուզեցի որ այս հարցը դիմագրաւենք միային ու միասնական պատասխանատուութեամբ» ըսաւ Քահանայապետը նշելով թէ Վեհաժողովին ընթացքին իրենք առիթ ունեցան ունկնդրելու մանկապղծութեան զոհերուն ձայնն ու վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ աղօթելու ու ներում հայցելու Աստուծմէ ու վիրաւոր անձերէն։

Արմատական կերպով մերժել որեւէ չարաշահում

«Իրազեկ դարձանք մեր պատասխանատուութեան ու մեր պարտականութեան՝ ճշմարտութեան միջոցաւ կիրարկելու արդարութիւնը արմատական կերպով մերժելու որեւէ չարաշահում, ըլլայ ան իշխանութեան, ըլլայ խղճի կամ սեռային» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով որ  «մենք կ՛ուզենք որ Եկեղեցւոյ բոլոր վայրերն ու անոր գործունէութիւնը ըլլան միշտ անվտանգ անչափահասներուն համար, կ՛ուզենք որ բոլոր կարելի միջոցները ի գործ դրուին որպէսզի այդպիսի ոճիրներ երբեք չի կրկնուին եւ կ՛ուզենք որ Եկեղեցին դարձեալ դառնայ հաւատալի ու վստահելի՝ իր ծառայութեան ու դաստիարակչական առաքելութեան մէջ, Յիսուսի ուսուցումներուն համաձայն»։

Միասնական պայքար

«Այս ուղղութեամբ պատրաստ ենք անկեղծութեամբ համագործակցելու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց հետ,  որպէսզի մինչեւ վերջ պայքար մղուի համայն աշխարհին մէջ միլիոնաւոր անչափահասներուն կիրարկուած բռնութիւններուն դէմ» յարեց ապա Սրբազան Պապը հուսկ ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակի վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերուն ապա անոնցմէ հրաժեշտ առաւ մաղթելով բարի կիրակի ու խնդելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2019, 12:25