Որոնել

Կարդինալ Ֆարրել Կարդինալ Ֆարրել 

Ֆրանչիսկոս Պապ Կարդինալ Ֆարրելին շնորհեց «Քամերլենկօ»ի պաշտօնը։

«Քամերլենկօ»ի պարտականութիւնն է Քահանայապետի մահուընէ ետք կառավարել «թափուր աթոռը»։

Հինգշաբթի 14 փետրուար 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի վատիկանեան  Բաժանմունքի կառավարիչը, Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելը նշանակեց «Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ Քամերլենկօ»։

«Քամերլենկօ» տիտղոսն ու պաշտօնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներքոյ  կը շնորհուի կարդինալի մը որուն պարտականութիւնն է Քահանայապետի մահուընէ ետք ու մինչեւ նոր Քահանայապետի ընտրութիւն գլխաւորել ու կառավարել ու մատակարարել «թափուր աթոռը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2019, 12:00