Որոնել

«Միասին՝ Մարդավաճառութեան դէմ» «Միասին՝ Մարդավաճառութեան դէմ»  

«Միասնաբար Մարդավաճառութեան դէմ» Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը։

Աղօթք առ Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայի՝ մարդավաճառութեան թիրախներուն համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 10 փետրուար 2019-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն  արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Աղօթքին մասնակցող հաւատացեալները մատնանշեց երկու օրեր առաջ տօնախմբուած Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայի ծիսական տօնին, որուն առթիւ նշուեցաւ նաեւ «Մարդավաճառութեան դէմ համաշխարհային հինգերորդ օրը» որուն այս տարուայ բնաբանն է «միասին մարդավաճառութեան դէմ» եւ որ «հրաւէր մըն է միացնելու բոլոր ուժերը՝ յաղթահարելու համար այս մարտահրաւէրը» ըսաւ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք կը պայքարին այդ ուղղութեամբ, ապա կոչ ուղղեց բոլոր կառավարութիւններուն որպէսզի վճռակամ կերպով դիմագրաւեն այդ «վէրքը» ու պաշտպանեն անոր զոհերը։

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթք առ Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայի

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց ապա թէ բոլորս կարող ենք համագործակցիլ այդ ուղղութեամբ բացայայտելով ու դատապարտելով շահագործումի ու ստրկութեան դէպքերը։ Ան ապա նշեց որ աղօթքը ուժն է որ թիկունք կը կանգնի մեր այս յանձնառումին ու հաւատացեալները հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու Սրբուհի Պախիթայի աղօթքը, որուն բնագիրը բաժնուեցաւ հրապարակին վրայ գտնուող բոլոր ուխտաւորներուն։

Սրբուհի Պախիթա որ մանուկ հասակիդ վաճառուեցար որպէս ստրուկ ու դիմագրաւեցիր անասելի դժուաութիւն եւ տառապանք։ Երբ ազատագրուեցար ֆիզիկական ստրկութենէն Քրիստոսի ու անոր եկեղեցւոյ հետ հանդիպումին մէջ գտար քու փրկութիւնդ։

Օգնէ բոլոր անոնց որոնք թակարդուած են ստրկութեան մէջ։ Անոնց անունով բարեխօսէ ողորմութեան Աստուծոյ մօտ որպէսզի այդ իրենց բանտարկութեան կապանքները կոտրուին։

Թող որ Աստուած ազատէ բոլոր անոնք որոնք սպառնալիքի տակ են, վիրաւոր ու շահագործուած մարդավաճառութեան բերումով։ Թող սփոփէ բոլոր անոնք որոնք վերապրեցան այդ ստրկութեան ու անոնց սորվեցնէ Յիսուսը տեսնել որպէս հաւատքի եւ յոյսի տիպար որպէսզի անոնք բուժուին իրենց վէրքերէն։

Կը պաղատինք որ աղօթես եւ բարեխօսէս նաեւ մեզի բոլորիս համար որպէսզի չիյնանք անտարբերութեան մէջ, ու մեր աչքերը բանալով կարողանանք տեսնել մեր բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու թշուառութիւնն ու վէրքերը, որոնք զրկուած են իրենց ազատութենէն եւ իրենց արժանապատուութիւնէն ու անսանք անոնց օգնութեան ճիչին. Ամէն։

Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթա աղօթէ մեզի համար։

Աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը  ողջունեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերը ու բարի կիրակի մաղթելով բոլորին խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2019, 12:12