Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ակուսթինիանում Հայրաբանութեան կաճարի հասարակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ակուսթինիանում Հայրաբանութեան կաճարի հասարակութիւնը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ակուսթինիանում Հայրաբանութեան կաճարի հասարակութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ներկաները հաւատարիմ մնալու իրենց արմատներուն ու շարունակելու իրենց յանձնառումը՝ հաղորդելով մտային, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 16 փետրուար 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունելէ ետք Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը կարդինալ Մարք Ուեելէն Քահանայապետական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Ակուսթինիանում»՝ Հայրաբանութեան կաճարի հասարակութեան, կաճարի հիմնադրութեան 50 ամեակին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ուրախ եմ ձեզ ընդունելու «Ակուսթինիանում»՝ Հայրաբանութեան կաճարի հիմնադրութեան 50 ամեակին առթիւ….ու ձեր հետ բաժնեկցելու յոբելենական այս տարեդարձը» ըսաւ Սրբազան Պապը ներկաներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը, դիտել տալով թէ այդ Յոբելեանը տօնախմբելով կը նշանակէ նախ եւ առաջ գոհութիւն մատուցել Աստուծոյ կէս դարու ընթացքին Ակուսթինիանումին գործունէութեան համար, յատկապէս հայող հայրաբանութեան եւ Սուրբ Օգոստինոսի ուսուցումներուն ու անոր ժառանգութեան յարեց Սրբազան Պապը  ակնարկելով իր նախորդներէն Սուրբ Պօղոս Զ Պապին՝ կաճարի հիմնադրութեան առթիւ արտասանած գնահատական խօսքերուն ինչպէս նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին 1982-ին կաճարին տուած այցելութեան որուն առթիւ արտասանած խօսքին մէջ վերահաստատած էր թէ «Հայրերու դպրոցին մասնակցիլ կը նշանակէ սորվիլ ու աւելի լաւ ճանչնալ Քրիստոսն ու մարդը» ու թէ «այս ճանաչողութիւնը մեծապէս կ՛օգնէ Եկեղեցիին՝ իր առաքելութեան մէջ»։

Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ներկաները հաւատարիմ մնալու իրենց արմատներուն ու շարունակելու իրենց յանձնառումը՝ հաղորդելով մտային, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները որոնք կը նպաստեն լաւապէս պատրաստելու աշակերտները իմաստութեամբ ու պատասխանատուութեամբ մասնակցելու Եկեղեցւոյ կեանքին ու ժամանակակից մարտահրաւէրներու հայող բանավէճերուն»։

«Այս ծառայութիւնը սերտօրէն կապուած է աւետարանութեան ու կը նպաստէ խթանելու մարդկային ընտանիքին աճումը դէպի անոր վերջնական լիութիւնը Աստուծոյ մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով անցեալ 2018-ի Յունուարին հրապարակուած՝ համալսարաններուն ու եկեղեցական կաճարներուն հայող «Վերիթաթէս Կաուտիում» առաքելական սահմանադրութեան խօսքերը։

Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն վստահեցուց իր աղօթքները ու հրաւիրեց զանոնք աղօթելու մէկը միւսին համար, որպէսզի Տէրը անոնց թիկունք կանգնի իրենց առօրեայի փնտռտուքի, ուսումնասիրութեան եւ դաստիարակչութեան յանձնառումին մէջ, հուսկ Ակուսթինիանում միաբանութեան անդամներուն ու ընտանիքին համար հայցեց Սուրբ Օգոստինոսի եւ Սրբուհի Մոնիքայի բարեխօսութիւնը ու բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2019, 12:03