ԿԵանքի ի նպաստ ակադեմիա ԿԵանքի ի նպաստ ակադեմիա 

Ֆրանչիսկոս Պապն ընդունեց «Կեանքի ի նպաստ» Քահանայապետական Ակադեմիայի անդամները։

«Արուեստական գիտութիւնը, Ռոբոտիկան ու արուեստական այլ նորութիւնները պէտք է դրուին մարդկութեան ծառայութեան ու հասարակական կեանքի պաշտպանութեան ի սպաս»
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

25 – 27 Փետրուար 2019-ին, Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ տեղի կ՛ունենայ Կեանքի ի նպաստ Քահանայապետական Ակադեմիայի ընդհանուր հաւաքը որուն կեդրոնական նիւթը կը հանդիսանայ «Ռոբոտաբարոյականութիւն, անհատներ, մեքենաներ եւ առողջութիւն»։ Սոյն հաւաքին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկուշաբթի 25 փետրուարի առաւօտեան Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց վերոնշեալ ժողովին մասնակցողները, ի տես նաեւ Կեանքի Ակադեմիայի ստեղծումին ու գործունէութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ՝  ի նպաստ մարդկային կեանքին խթանումին։

Հանդիպման ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Պապը անդրադարձ կատարեց մարդկային ընտանիքը յուզող կարեւոր հարցերու շուրջ, նկատել տալով որ «կը գտնուինք ողբերգական տառըմբռնումի դիմաց որովհետեւ ճիշդ երբ մարդկութիւնը ձեռք բերած է գիտական եւ արուեստագիտական կարողութիւններ բաւականին լայն տարածուած բարեկեցութեան հասնելու համար, Աստուծոյ կամքին համաձայն, ականատես ենք հակամարտութիւններու սրացումին ու անարդարութեան աճումին»։

Արուեստագիտութիւնը մարդ անհատի առանձնայատկութիւն

Թեքնոքրատական համակարգը որ հիմնուած է արդիւնաւէտութեան չափանիշին վրայ չի համապատասխաներ մարդուն խոր հարցադրումներուն ու մինչ մէկ կողմէ կարելի չէ անտեսել այդ համակարգի կենսամիջոցները՝ միւս կողմէն ան կ՛ուզէ իր տրամաբանութիւնը պարտադրել անոր որ զայն կօգտագործէ»։

Թէեւ, աւելցուց Սրբազան Պապը, արուեստագիտութիւնը մարդ անհատի առանձնայատկութիւն է եւ չէ կարելի զայն ըմբռնել որպէս մարդուն դէմ կամ օտար ուժ մը, այլ որպէս մարդ անհատի ստեղծագործութեան արտադրութիւն, որուն միջոցաւ ան իրեն եւ ուրիշներուն կ՛ապհովէ ապրելու կարիքները։

Այսօրուայ արուեստական կարողութիւնը կը գտնուի հակասական մէկ իրադրութեան դիմաց ու փոխանակ մարդկային կաենքին յանձնելու գործիքներ՝ որոնք կը բարելաւեն այդ կեանքը, վտանգը կայ կեանքը յանձնելու այդ գործիքներու տրամաբանութեան, որոնք ապա կ՛որոշեն այդ կեանքին արժէքը»։

«Այս մէկը սահմանուած է կործանիչ արդիւնքներ արտադրելու»  ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով որ այդպէս ընելով «մարդկային բանականութիւնը կը սահմանափակուի։

Արուեստագիտութիւնը ի ծառայութիւն մարդկութեան

Ասկէ մեկնեով Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց նաեւ այդ արուեստական միջոցներու չարաչար գործածութենէն  հասարակաց տան դէմ յառաջ եկած վնասներուն, այդ ծիրէն ներս կարեւոր համարելով «կենսաբարոյականութեան» համընդհանուր ծաւալը՝ «որուն ի նպատս պէտք է յանձնառու ըլլալ» ըսաւ Ան ակնարկելով նաեւ «համապարփակ բնապահպանութեան» կարեւորութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ հուսկ մարդկային կեանքը յուզող հարցերու լուծման համար հաւատացեալներու տեսակէտին ու այդ առընչութեամբ  ուրիշներու հետ երկխօսութիւն հաստատելու կարեւորութեան, յատկապէս հայող մարդու իրաւունքներու տիեզերական բարոյականութեան մը  ստեղծումի ուղիով։

«Արուեստական գիտութիւնը, Ռոբոտիկան ու արուեստական այլ նորութիւնները պէտք է դրուին մարդկութեան ծառայութեան ու հասարակական կեանքի պաշտպանութեան ի սպաս» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով որ ամէկ մէկ մարդ անհատի արժանապատուութիւնը պէտք է հանդիսանայ մեր բոլոր գործերուն ու խորհրդածութիւններուն  կեդրոնը։

Վտանգ՝ փոխանակ մարդը արուետագիտացած դարձնելէ, արուեստագիտութիւնը մարդկացնել

Քահանայապետը զգուշացուց այն վտանգէն որ կը ձգտի փոխանակ մարդը արուետագիտացած դարձնելէ՝ արուեստագիտութիւնը  կը մարդկացնէ» ու հրաւիրեց աւելի լաւ հասկնալ թէ ի՞նչ կը նշանակէ գիտութիւն, խիղճ, զգացում, դիտաւորութիւն, ու բարոյականութեամբ գործել», նշելով որ «արուեստական գործիքները թէեւ կարող են մարդկային կարողութիւններ ընդօրինակել, իրականութեան մէջ զուրկ կը մնան մարդկային արժէքներէն»։

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Հայրը հրաւիրեց այդ գործիքներուն կարելիութիւնները դնել մարդ անհատի ու համայն մարդկութեան օգուտին ի նպաստ, զգուշացնելով նաեւ յառաջ եկած բազմաթիւ այն վտանգներէն որոն  բարոյական հարցադրանքներ կը յարուցեն եւ որոնց մասին հարակւոր է խոր խոկում՝ որովհետեւ կը դպչին մարդկային խղճին ու անոր համապարփակ էութեան։

Պաշպտանել ու խթնաել կեանքը

Երակարաշունչ ճարին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց Վատիկնաեան Բ Տիեզերական Ժողովի հետքերով քննադատական մէկ խորհրդածութիւն կատարել ընդմէջ քրիստոնէական հաւատքի ու բարոյական գործելակերպի։ Ան ապա բոլոր ներկաներուն մաղթեց որ շարունակեն իրենց աշխատանքն ու ուսումնասիրութիւնը՝ որպէսզի կեանքի պաշտպանութեան ու խթանումին գործունէութիւնը ըլլայ միշտ աւելիով արդիւնաւէտ ու պտղաբեր։

Նորին Սրբութիւնը բոոր ներկաները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութեան ու հրաժեշտ առաւ անոնցմէ խնդրելով  որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2019, 12:06