Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Մի վախնաք». ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը:

Չվախնալ ուրիշներուն հետ հանդիպելէ, որովհետեւ ուրիշներուն մէջ՝ գաղթականներուն, աղքատներուն , լքուածներուն մէջ նոյնինքն Յիսուսը կը տեսնենք :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 15 փետրուար 2019-ին ՝ յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի Սաքրոֆանօ շրջանին մէջ գտնուող «Fraterna Domus” բարեսիրական, եկեղեցական կեդրոնը:

Այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեալ կեդրոնին մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ քաջալերեց «չվախնալ ուրիշներուն հետ հանդիպելէ, որովհետեւ ուրիշներուն մէջ՝ գաղթականներուն, աղքատներուն , լքուածներուն մէջ նոյնինքն Յիսուսը կը տեսնենք եւ պէտք չենք վհատիլ, մեր օրերուն ապրած դժուարութիւններուն դիմաց, ամբողջովին ապաւինելով Աստուծոյ նախախնամութեան» - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը որուն քարոզին ներշնչումի աղբիւր եղան ՝օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, առաջինը՝ քաղուած Ելից գիրքէն՝ Մովսէս Մարգարէին Իսրայէլի ժողովուրդին յղած քաջալերանքի խօսքը՝ «Մի վախնաք, սպասեցէք ու տեսէք Տիրոջ փրկութիւնը, որ այսօր պիտի ընէ ձեզի. Վասն զի այսօրուան ձեր տեսած եգիպտացիները յաւիտեան պիտի չտեսնէք», երկրորդ ընթերցումը քաղուած էր Մատթէոս աւետարանիչէն, Յիսուսի խօսքը՝ Ես եմ քաջ եղէք , մի վախնաք (Մատթ 14, 27):

Յիշեալ Սուրբ գրային հատուածները մէջբերելէ ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ այդ խօսքերուն ընդմէջէն, Տէրը այսօր մեզի կը խօսի եւ մեզմէ կը խնդրէ, որ թոյլ տանք, որ Ան մեզ ազատագրէ մեր վախերէն:Նորին Սրբութիւնը   ապա դիտել տուաւ, որ մեր օրերուն, ապրած գէշութիւններուն եւ սխրանքներուն դիմաց, մենք եւս Իսրայէլի ժողովուրդին նման՝ փորձութեան ենթարկուած ենք ՝ մեր ազատութեան երազը լքելու, ընդգծելով որ, սա արդարացուցիչ վախեր են , որոնց դիմաց շատ անգամ, մեզի կը թուի թէ չկայ ոչ մի ելք: 

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ նաեւ որ այս դժուար երեւոյթներուն դիմաց , բաւարար չեն մարգարէի մը մխիթարանքի խօսքերը, երբ անկարող ենք Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալու, երբ անկարող ենք Աստուծոյ նախախնամութեան ապաւինելու, եւ որուն հետեւանքով մեր մէջ կը փակուինք, կը փակուինք մեր մարդկային դիւրաբեկ ապահովութիւններուն մէջ, եւ ի վերջոյ կը մերժենք դէպի խոստացուած երկիր ճամբորդութիւնը Եգիպտոսի ստրկութեան լուծին վերադառնալով:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց ապա որ այս մեր կծկուելու, մեր մէջ փակուելու վիճակը, պարտութեան նշան մըն է եւ կ՝աճեցնէ ուրիշներուն հանդէպ մեր վախը՝ անծանօթներուն, մեկուսացուածներուն, օտարականներուն հանդէպ, երեւոյթ մը որ յատուկէն նշմարելի է մեր օրերուն, բազմաթիւ գաղթականներուն ժամանումը, որոնք կը մեր դռները կը բախեն՝ ապահովութիւն, եւ լաւ ապագայ մը որոնելու նպատակով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ այս վախը արդարացուցիչ է որովհետեւ պակասը կայ այդ հանդիպումի պատրաստութեան, հրաւիրելով ձերբազատուիլ մեր վախերէն, բացուելու համար հանդիպումին եւ այս կատարելու համար, բաւարար չեն բանակային եւ հետազօտական հաշիւները: Սրբազան Հայրը շեշտեց որ
ուրիշին հետ հանդիպումը, նաեւ Քրիստոսի հետ հանդիպում է մէջբերելով Յիսուսի խօսքը : «Ճշմարիտ կ՝ըսեմ ձեզի, ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն՝ որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք: Մատթ 25 , 40:»

ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ Տէրը չի թողուր մեզ՝ նոյնիսկ եթէ թերահաւատ այրեր մարդեր ու կիներ ենք, Յիսուս կը շարունակէ ձեռք երկարել ՝մեզի փրկելու եւ թոյլ տալու, որ իրեն հանդիպինք, հանդիպում մը որ մեզ կը փրկէ եւ մեզի կը վերադարձնէ՝ իր աշակերտները ըլլալու ուրախութիւնը:

Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց իր խօսքը դիտել տալով որ պէտք ենք շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց որոնք հանդիպումի առիթ ընծայեցին ՝ մեր դռները բախող անձերու հետ, որոնք մեզի կարողութիւն ընծայեցին՝ գերազանցելու մեր վախերը ՝ Յիսուսի հետ հանդիպելու, զինք ընկալելու եւ հոգ տանելու համար Անոր: «Ան որ այս հանդիպումի ուրախութիւնը փորձարկեց այսօր կանչուած է տանիքներուն վրայ զայն հռչակել՝ ուրիշներուն օգնելու համար որ նոյնը կատարեն, առաջադրուած Քրիստոսին ու Անոր փրկութեան հանդիպելու:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2019, 17:30