Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը բնիկ ժողովուրդներուն ի նպաստ համաշխարահային 4-րդ համաժողովի մասնակիցներուն:

Բնիկ ժողովուրդները յոյսի կենդանի աղաղակ են, որ մեզի յիշել կու տան, թէ մարդ էակները, բաժնեկցուած պատասխանատուութիւն ունին, հասարակաց տան հոգ տանելու մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 14 փետրուար 2019-ին, Հռոմի պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կեդրոնատեղիին տուած այցելութեան ծիրէն ներս, ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ կեդրոնի մէջ գումարուած, բնիկ ժողովուրդներուն ի նպաստ համաշխարհային 4-րդ համաժողովի մասնակիցներուն:

Այս առթիւ յղած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը յայտնեց վերոյիշեալ համաժողովի գումարման համար՝ կազմակերպուած « ԻՖԱՏ» Գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամի կողմէ, որուն նիւթն է «խթանել բնիկ ժողովուրդներուն գիտելիքներն ու նորամուծութիւնները ՝ ի նպաստ կլիմայի փոփոխութեան եւ կայուն զարգացման» :

Անդրադառնալով կենսոլորտի հարցերուն, Սրբազան Հայրը զանոնք նկատեց չափազանց կարեւոր ու հրաւէր մեր հայեացքը սեւեռելու դէպի երկրագունդ, ուր բազմաթիւ տարածաշրջաններ խոցելի են, զինուած հակամարտութիւններու, բնական աղէտներու հետեւանքով, որոնք կը պատճառեն աղքատութիւն եւ կործանում, երեւոյթ մը, որուն հանդէպ չէ կարելի անտարբեր մնալ  անտեսելով այդ երեւոյթը, ընդհակառակը՝ պէտք  է եղբայրական հոգիով օժանդակել բոլոր կարիքաւորներուն եւ դռները բանալ մեզմէ վերջ եկող սերունդներուն: ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա շեշտեց, որ Աստուած տիեզերքը ստեղծեց բոլորին բարիքին համար,  Աստուած այնպէս մը ըրաւ, որ տիեզերքը ըլլայ այնպիսի վայր մը, ուր կարելի է  բոլորին հիւրընկալել,  եւ ոչ մէկը ինքզինք բացառուած զգայ :

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց, որ տիեզերքը հարուստ է բնական աղբիւրներով եւ բնիկ ժողովուրդները իրենց տարբեր լեզուներով, մշակոյթներով, աւանդութիւններով ահազանգ կը հնչեցնեն, որ մարդը բնութեան սեփականատէրը չէ, որ մարդուն կոչումն է հոգ տանիլ հասարակաց տան, որպէսզի բնութեան կենսաբազմազանութիւնը չի կորսուի եւ ջուրն ու օդը մաքուր ու առողջ մնայ եւ անտարներն ու հողերը բեղուն դառնան:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ բնիկ ժողովուրդները յոյսի՝ կենդանի աղաղակն են, որ մեզի յիշել կու տան, թէ մարդ էակները, բաժնեկցուած պատասխանատուութիւն ունին՝ հասարակաց տան հոգ տանելու մէջ: Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովի մասնակիցներուն, որոնք կը  բացականչեն հաստատելով , թէ կենսոլորտի հանդէպ յարգանքը,  միշտ պէտք է պահպանուի՝ անկախ տնտեսական եւ ֆինանսական շահերէն:
Ֆրանչիսկոս Պապ գնտահատեց ՖԻՏԱ կազմակերպութեան փորձառութիւնը, որ օժտուած է արուեստագիտական միջոցներով եւ թանկարժէք ծառայութիւն կը մատուցանէ՝ հարթելու համար այնպիսի ուղիներ, որոնք կը հաստատեն թէ,  արուեստագիտական, տնտեսական զարգացում մը, որ չի թողուր աւելի լաւ աշխարհ մը եւ աւելի որակաւոր համապարփակ կեանք մը, կարելի չէ այդ տնտեսական զարգացումը յառաջդիմութիւն նկատել:

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերելով ներկաները,  որ միշտ յառաջ ընթանան, Աստուծմէ հայցեց, որ երբեք չդադրի Իր օրհնութիւններով ընկերանայ ժողովի մասնակիցներուն, ՖԻՏԱ-ի  հասարակութիւններուն, որոնք կը գործեն պաշտպանելու համար բոլոր անոնց, որոնք կ՝ապրին երկրագունդի ամէնէս աղքատ եւ գիւղական շրջաններու մէջ :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2019, 10:54