Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց մահապատիժի մասին գումարուած համագումարի

Մարդկային կեանքը՝ ստացած պարգեւ մըն է, առաջնակարգ եւ ամենէն կարեւոր պարգեւ մը, որ աղբիւր է բոլոր պարգեւներու եւ այլ իրաւունքներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 27 փետրուարին- Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց Պրուքսելի մէջ գումարուած մահապատիճի մասին համաշխարհային 7-րդ համագումարի կազմակերպիչներըր:
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ մարդկային կեանքը՝ ստացած պարգեւ մըն է, առաջնակարգ եւ ամենէն կարեւոր պարգեւ մը, որ աղբիւր է բոլոր պարգեւներու եւ այլ իրաւունքներուն. պարգեւ մը որ պէտք է պաշտպանուի: ըսաւ ան:

Ունկնդրէ լուրը

Անդրադառնալով ապա հաւատացեալին կեանքի պարգեւին, Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ հաւատացեալը այն մարդն է , որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն, աւելցնելով որ «ըլլայ հաւատացեալներու, ըլլայ ոչ հաւատացեալներուն, իւրաքանչիւր կեանք բարիք մըն է , որուն արժանապատուութիւնը առանց բացառութեան պէտք է պահպանուի:
Խօսելով մահապատիժի մասին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ անիկա ծանր խախտում է իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքին, դիտել տալով որ այսօր առկայ են այլ միջոցներ՝ վնասը լրացնելու ու յանցանքը քաւելու համար : Առկայ են եւս կալանաւորման աւելի արդիւնաւէտ համակարգեր՝ ընկերութիւնը պաշտպանելու համար չարիքէն, պատճառուած կարգ մը անհատներուն կողմէ:
Նորին սրբութիւնը ապա շեշտեց մեղաւորներուն՝ զղջումի կարելիութիւնը շնորհելու հրամայականը ու այս առնչութեամբ դրական նկատեց կարգ մը երկիրներուն կողմէ մահապատիժի օրէնքի վերացումը:

Սրբազան Հայրը ապա նշեց թէ,  եկեղեցին միշտ պաշտպանած է կեանքը: Եկեղեցին մահապատիժին վերաբերեալ իր տեսլական հասնցուց եւ ասոր համար ինք Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետութեան մահապատիժի հայող հատուածին մէջ ուզեց փոփոխութիւն կատարել:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տալով որ երկար ժամանակուան համար մահապատիժը նկատուած էր, կարգ մը ծանր յանցագործութիւններուն իբր պատշաճ պատասխան, ընդգծեց որ անձին արժանապատուութիւնը չի կորսուիր, նոյնիսկ եթէ ամենէն ծանր յանցանքը գործած է եւ ոչ մէկը կրնայ սպաննուիլ ու զրկուիլ այն հնարաւորութենէն, որ է դարձեալ ողջագուրել այն հասարակութիւնը զոր վիրաւորեց եւ որուն տառապանք պատճառեց:
Ֆրանչիսոկս Պապ ապա մատնանշեց որ Աշխարհի ողջ տարածքին, մահապատժի վերացումը կը ներկայացնէ մարդու անհատի արժանապատուութեան սկզբունքի քաջ հաստատումը, եւ այն համոզմունքը, որ մարդկութիւնը կարող է դիմագրաւել յանցագործութիւնը. շնորհելով դատապարտուածին կարելիութիւնը մտածելու կատարած արարքին մասին հետեւաբար փոխելու իր կեանքը

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատկերասփռուած պատգամը ապահովեցնելով իր աղօթք ու քաջալերելով համագումարի մասնակիցներուն կատարած քննարկումի աշխատանքները : Ան քաջալերեց նաեւ այն պետութիւնները. որոնք իրենց երկիներուն մէջ պատասխանատուութիւնը ունին մահապատիժի վերացման համար , հաստատելով, որ բոլորիս պատասխանատուութիւնն է ճանչնալ իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութիւնը եւ աշխատիլ  այնպէս մը ընելու համար, որ այլ կեանքեր չվերացուին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2019, 10:34