Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Ացիոնէ Քաթթոլիքա» շարժումի 2019 տարուան խաղաղութեան կարաւանը:

« Խաղաղութեան կարաւան» ի մասանկցող երիտասարդները ուղղուեցան Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ՝իրենց մասնակցութինը բերելու համար, Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 3 փետրուար 2019-ին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի, «Խաղաղութեան համը» խորագիրով, խաղաղութեան կարաւան 2019 տարուան հաւաքը, մասնակցութեամբ յիշեալ շարժումի բազմաթիւ երիտասարդներուն:

Ունկնդրէ լուրը

«Խաղաղութեան կարաւանը» մեկնարկեց կիրակի 3 փետրուարի՝ առաւօտեան, Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Վալիչելլա եկեղեցիէն ներս, Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ զոր մատուցեց Հռոմի թեմի արեւելեան շրջանի տեղակալ եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ճանիփիերօ Փալմիերիին:

Սուրբ Պատարագի աւարտին« Խաղաղութեան կարաւան» ի մասանկցող երիտասարդները ուղղուեցան Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ՝իրենց մասնակցութինը բերելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին:

ֆրանչիսկոս Սբրազան Պապին արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետք, «Ացինոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի երկու երիտասարդներ, Նորին Սրբութեան կողքին յայտնուելով ընթերցեցին, երիտասարդներուն կողմէ պատրաստուած ֆրանչիսկոս Պապին ուղղուած նամակը:

Նորին Սրբութիւնը ներկայացնելով երիտասարդները ողջունեց Հռոմի Թեմի «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» պատանիները, իր ուրախութիւնը յայտնելով երիտարդները ընդունելուն համար՝ խաղաղութեան կարաւան հաւաքի աւարտին, աւելցնելով, որ այս ձեռնարկին միջոցաւ բացումը կը կատարուին Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի հինմադրութեան 150 ամեակի ինչպէս նաեւ միեւնոյն շարժումի երիտասարդաց բաժանմունքի հիմնադրութեան 50 ամեակի տօնախմբութիւններուն :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մաղթեց որ երիտասարդները խաղութեան եւ եղբայրութեան վկաները դառնան:

Ացիոնէ քաթոլիքա երիտասարդներուն նամակին ընթեցումէն ետք ֆրանչիսկոս Պապ խօսք առաւ ըսելով «այժմ երկինք պիտի բարձրանան փուչիկներ՝ խորհրդանիշ աշխարհի խաղաղութեան համար մեր աղօթքներուն:

ֆրանչիսկոս Պապին ուղղուած նամակին մէջ երիտասարդները հաստատեցին, որ խաղաղութիւնը համեղ եւ բարի իրողութիւն է, որ համ կու տայ յարաբերութիւններուն եւ կը բարելաւէ սիրտը՝ զայն աւելի առողջ եւ անկեղծ վերածելով:

Անոնք ապա անդրադառնալով խաղաղութեան կարաւան ձեռնարկին այս տարուան խորագիրին՝ «խաղաղութեան համ», պատրաստակամութիւն յայտնեցին խաղաղութեան ի խնդիր աշխատելու համար՝ աշխարհին աւել համ տալու նպատակով։

Երիտասարդները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին նաեւ զօրակցելու աշխարհի աղքատ տարածաշրջաններուն, որպէսզի այդ վայրերուն մէջ կերակուրի արժէքն ու անոնց արտադրողներուն իրաւունքները երաշխաւորուին բոլորին:

Երիտասարդները նամակը աւարտեցին շնորհակալութիւն յայտնելով Ֆրանչիսկոս Պապին ու նշելով որ ֆրանչիսկոս Պապին նման,  որ երբեք չի տքնիր, իրենք եւս պիտի չյոգնին խաղաղութիւնը հայցելէ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2019, 12:18