Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

24 փետրուարի կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք «ներել թշնամիները»

Սիրոյ տրամաբանութիւնը որ գագաթնակէտը կը գտնէ Քրիստոսի Խաչին վրայ՝ քրիստոնեաներուն յատկանիշ է
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 փետրուար 2019-ին կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին աւանդութեան համաձայն մեկնաբանեց օրուան աւետարանը որ քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանէն (Գլ 6- 27-38) ուր Յիսուս շեշտը կը դնէ քրիստոնէական կեանքի կարեւոր մէկ յատկանիշի վրայ՝ թշնամիներուն սէրը։

Սիրեցէք ձեր թշնամիները. Բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն

«Յիսուս արդարեւ կ՛ըսէ. «Բայց ես ձեզի կ՛ըսեմ որ կը լսէք.Սիրեցէք ձեր թշնամիները. Բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն, աղօթեցէք ձեզ զրպարտողներուն»։ «Այս մէկը  հրահանգ մըն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրահանգ ուղղուած Յիսուսին աշակերտներուն։ Յիսուս արդարեւ կ՛ուզէ որ ամէն մէկ սրտի մէջ Աստուծոյ սէրը յաղթէ ատելութեան ու ոխին։

Ըլլալ ողորմած ինչպէս երկնաւոր Հայրը ողորմած է

«Սիրոյ տրամաբանութիւնը որ գագաթնակէտը կը գտնէ Քրիստոսի Խաչին վրայ՝ քրիստոնեաներուն յատկանիշ է ու մեզ կը մղէ բոլորին դիմելու եղբայրներու սրտով» յարեց Սրբազան Քահանայապետը այս ճանապարհին վրայ քալելու համար յորդորելով հետեւիլ աւետարանական ուսուցումին՝ «ըլլալ ողորմած ինչպէս երկնաւոր Հայրը ողորմած է»։

Սէրը ամէն մէկ անձին կը շնորհէ արժանապատուութիւն

«Չկայ աւելի մեծ ու պտղաբեր իրականութիւն քան սէրը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, սէրը ամէն մէկ անձին կը շնորհէ արժանապատուութիւն մինչ ատելութիւնն ու վրէժը կը ստորադասեն այդ արժանապատուութիւնը ու զայն կը զրկեն Աստուծոյ դիմագիծով ստեղծուած արարածի գեղեցկութենէն։

 Սիրոյ յեղափոխութեան դերակատարները

«Ժամանակակից մարտիրոսները դերակատարներն են այդ սիրոյ յեղափոխութեան» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով որ Յիսուս մեզի կը վստահեցնէ թէ մեր այդ սիրոյ վարուելակերպը ի զուր պիտի չի կատարուի «Ներեցէք ու պիտի ներուի ձեզի»…որովհետեւ «այն չափով որով դուք կը չափէք ուրիշին պիտի չափուի ձեզի»։

Բարիք գործել առանց փոխհատուցումի 

«Մենք պէտք է ներենք, որովհետեւ Աստուած մեզ ներեց ու մեզ կը ներէ մշտապէս» յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը՝ որպէսզի օգնէ մեզի թոյլ տալու որ Յիսուսին այդ խօսքերը դպչին մեր սրտին, ու այրող կրակի նման մեզ փոխակերպեն ու մեզ կարող դարձնեն բարիք գործելու առանց փոխհատուցումի ամենուրէք վկայելով սիրոյ յաղթանակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2019, 12:10