Որոնել

Մանուկներու Պաշտպանութիւն Մանուկներու Պաշտպանութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը աղօթելու Անչափահասներու Պաշտպանութեան հայող վեհաժողովին համար։

21-24 փետրուարին Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եկեղեցւոյ մէջ անչափահասներու պաշտպանութեան նիւթին հայող եպիսկոպոսական վեհաժողով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 փետրուար 2019-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները, յիշեցուց որ յառաջիկայ հինգշաբթի օրուընէ մինչեւ կիրակի, Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներուն հանդիպումը հայող Եկեղեցւոյ մէջ անչափահասներու պաշտպանութեան նիւթին։

«Կը հրաւիրեմ աղօթելու այդ հանդիպումին համար, զոր ուզեցի որպէս հովուական պատասխանատուութեան զօրեղ ձեռնարկ մը, ի տես ժամանակակից հրատապ մէկ մարտահրաւէրին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր ուղղած կոչին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2019, 12:15