Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին՝ 10 Փետրուարի Մարեմեան Աղօթքի Խորհրդածութիւնը։

Սիմոն Պետրոսի կոչումը՝ «Մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 10 փետրուար 2019-ին կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկայացուցած աւանդական խորհրդածութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան Աւետարանական Հատուածը որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն, ուր Յիսուս կը մտնէ Սիմոնին  նաւուն մէջ ու անորմէ կը խնդրէ  որ ցամաքէն հեռանայ  ու բացերը երթալով ուռկանները նետէ ձուկ որսալու համար:

Սիմոն կը պատասխանէ. «Վարդապե՛տ, ամբողջ գիշերը աշխատեցանք ու ոչինչ որսացինք. բայց կը նետեմ ուռկանը՝ քու խօսքիդ համար»:

«Երբ ատիկա ըրին՝ մեծ քանակութեամբ ձուկ բռնեցին, եւ իրենց ուռկանը կը պատռտէր» կը գրէ Աւետարանիչը:

«Սիմոնի այդ խօսքերը հաւատքի պատասխանն են որ մենք եւս կանչուած ենք արտասանելու» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ Տէրը այդ տրամադրութիւնը կը պահանջէ իր բոլոր աշակերտներէն ու յատկապէս անոնցմէ որոնք կարեւոր պատասխանատուութիւններ ունին եկեղեցւոյ մէջ։

«Պետրոսի անվերապահ հնազանդութիւնը կը յառաջացնէ հրաշալի մէկ արդիւնք» յարեց Սրբազան Քահանայապետը։ Արդարեւ երբ մենք մեզ կը դնենք Յիսուսին ծառայութեան տակ Ան մեր մէջ կ՛իրականացնէ մեծ հրաշալիքներ» ըսաւ Ֆրանչսիսկոս Պապ դիտել տալով սակայն թէ շատ անգամ տատամսումը կը պատէ մեզ  ու կը փորձուինք մերժել Տիրոջ այդ կոչը։

Պետրոս տեսնելով հրաշքը Յիսուսին կ՛ըսէ «Տէ՛ր, հեռացի՛ր իմ քովէս, քանի որ ես մեղաւոր մարդ մըն եմ»։ Սակայն Յիսուս զայն կը քաջալերէ ու կ՛ըսէ «Մի՛ վախնար, ասկէ ետք մարդո՛ց որսորդ՝ պիտի ըլլաս»: «Աստուած արդարեւ՝ երբ իրեն կը վստահինք մեզ կ՛ազատէ մեր մեղքէն ու մեր առջեւ կը բանայ նոր հորիզոն մը՝ այն է համագործակից դառնալ Անոր առաքելութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութեան աւարտին հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ տրամադիր դարձնէ մեզ համագործակցելու Աստուծոյ հետ՝ Անոր  փրկարար խօսքը ամենուրէք տարածելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2019, 12:06