Ֆրանչիսկոս Պապ «Վալլեկլորիայի» փակեալ մայրապետներու վանքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ «Վալլեկլորիայի» փակեալ մայրապետներու վանքին մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցը «Վալլեկլորիայի» փակեալ մայրապետներու վանքին։

Քահանայապետը փակեալ մայրապետներէն յատուկ աղօթք խնդրած է Փանամայաի երիտասարդներու յառաջիկայ հաւաքին համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 12 յունուար 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ ու անպաշտօն այցելութիւն տուաւ Սփելլօ գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող «Վալլեկլորիայի» փակեալ մայրապետներու վանքին, փոխարինելով 25 օգոստոս 2016-ին Քլարիսսեան Մայրապետներու Վատիկան կատարած այցելութիւնը։

Փակեալ Մայրապետներու համար Սրբազան Հայրը ուրուականի նման երեւցաւ վանքին դրան առջեւ առաւօտեան ժամը 9-ին, երբ նախատեսուած էր սուրբ պատարագի ժամը, զոր պիտի մատուցէր շրջանի եպիսկոպոսը գերապայծառ Կուալթիերօ Սիճիզմոնտին եւ ահա խորան կը ներկայանայ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ ապա իր սովորութեան համաձայն քարոզի ժամանակ նախընտրեց երկխօսական  ազատ խորհրդածութիւն կատարել մայրապետներուն հետ, զոր շարունակեց նաեւ օրուան ընթացքին, զանոնք քաջալերելով յարատեւել իրենց հայեցողական կեանքի ճանապարհին վրայ, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ անոնց աղօթքի միջոցաւ Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան։

Սրբազան Պապը հուսկ օրուան աղօթքի պահերն ու կէսօրուան ճաշը կիսեց անոնց հետ։

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի յայտարարութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախընտրած է այս այցելութիւնը կատարել լռելեան, անաղմուկ եւ անպաշտօն կերպով, որուն մասին տեղեկացուցած էր միայն տեղւոյն եպիսկոպոսին, որ վերջնական պատասխանն ու այցելութեան թուականի եւ օրակարգի լուրը իմացած էր Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին։

Նախ քան Վատիկան վերադարձը, յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ֆոլինիոյի պահապան սուրբերու տօնին առթիւ Ֆոլինիոյի համայն Թեմին շնորհեց յատուկ օրհնութիւն մը։

Արտայայտուելով Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան մասին Վանքին մեծաւորուհի՝ Մայր Քիարա Մոշեթթին նշեց «նման էինք մոգերուն երբ  աստղը տեսան, Քահանայապետը եւս իր քահանայապետութեան շրջանով եւ ուսուցումներով կը շարունակէ մեզ լուսաւորել…այս այցելութեամբան անգամ մը եւս յայտնուեցաւ որպէս հայր եւ հովիւ»։

Քահանայապետը փակեալ մայրապետներէն  յատուկ աղօթք խնդրած է եկեղեցւոյ ու յատկապէս երիտասարդներուն համար եւ մասնաւոր կերպով Փանամայաի երիտասարդներու յառաջիկայ  հաւաքին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2019, 09:08