Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն 

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն. «Աբբա, Հայր»։

«Աբբա» բառին մէջ կը ներփակուի իմաստը թէ Աստուած մեզ կը փնտռէ, նոյնիսկ եթէ մենք զինք չենք փնտռեր, ան մեզ կը սիրէ նոյնիսկ երբ մենք կը մոռնանք զայն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արդարեւ բոլոր անոնք որ կ՚առաջնորդուին Աստուծոյ Հոգիով, անո՛նք են Աստուծոյ որդիները.քանի որ դուք չստացաք ստրկութեան հոգին՝ դարձեալ վախնալու համար, հապա ստացաք որդեգրութեա՛ն Հոգին, որուն միջոցով կը գոչենք՝՝. «Աբբա՛, Հա՛յր»:Նոյնինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ թէ մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք»։

Պօղոս Առաքեալի Հռովմէացիներուն ուղղած նամակէն քաղուած սոյն հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 16 Յունուար 2019-ին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ նախագահած հրապարակային ընդհանուր  ունկնդրութեան առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան։

Շարունակելով մեկնաբանել Հայր Մեր աղօթքը, Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ այդ աղօթքի էական մասին վրայ «Աբբա՝ Հայր» բառին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Արդարեւ Յիսուսը ճանչնալէ ու անոր քարոզութեան մտիկ ընելէ ետք քրիստոնեան զԱստուած չի նկատէր մենատէր մը, որմէ պէտք է վախնալ, այլ անձ մը որուն վրայ վստահիլ, որուն հետ կարելի է խօսիլ զայն կոչելով Հայր։  Այս բացագանչութիւնը այնքան կարեւոր է քրիստոնեաներուն համար որ մնացած է իր սկզբնական կազմին մէջ «Աբբա», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ սիտել տալով որ «Աբբա ըսելը շատ աւելի մտերիմ ու յուզիչ իրողութիւն մըն է քան զԱստուած պարզապէս Հայր կոչելը» եւ ասոր համար մի քանիներ առաջարկած էին այդ բառը «Հայրիկ» թարգմանել, ջերմութիւն, մտերմութիւն  արտայայտուելու համար։

Բայց անկասկած Աւետարաններն են որ մեզի աւելի լաւ ըմբռնել կու տան այդ բառին իմաստը։ «Հայր մեր աղօթքը աւելի մեծ իմաստ կը ստանայ երբ կարդանք ողորմած հօր առակը» ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով պահ մը մտաբերել անառակ որդին որ իր հօր կը դիմէ «Հայր մեր»ի բառերով, ու այդ աղօթքէն ետք հօր ողջագուրումը։ «Առակին ողորմած հայրը հօրմէ աւելի կը բացայայտէ մօր մը գուրգուրանքը» հաստատեց Քահանայապետը, նկատել տալով որ  մայրերն են որոնք ընդհանրապէս աւելի դիւրաւ կը ներեն իրենց զաւակներուն ու կը շարունակեն զանոնք սիրել հակառակ ամէն բանի։

«Աբբա» բառին մէջ կը ներփակուի իմաստը թէ Աստուած մեզ կը փնտռէ, նոյնիսկ եթէ մենք զինք չենք փնտռեր, ան մեզ կը սիրէ նոյնիսկ երբ մենք կը մոռնանք զայն։ Աստուած մեր մէջ կը տեսնէ միշտ գեղեցկութիւնը,  Ան մօր մը նման չի դադրիր մեզ սիրելէ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց «Քրիստոնեայի մը համար աղօթելը կը կայանայ պարզապէս «Աբբա» բացագանչութեան մէջ։

«Կարող է  պատահիլ որ մենք եւս քալենք Աստուծմէ հեռու ճանպարհներու վրայ, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ անառակ որդիին»ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին խրախուսելով «այդ դժուար պահերու ընթացքին, վերագտնել աղօթքի ուժը, վերսկսելով Աբբա բառէն»։ «Ան մեզմէ թաքուն պիտի չի պահէ իր դիմագիծը։ Պիտի չի փակուի լրութեան մէջ, այլ մեզի ցոյց պիտի տայ թէ երբեք մեզ չէ մոռցած, որ միշտ մեր մօտն է ու հաւատարիմ է մեր նկատմամբ ունեցած  իր սիրոյն» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2019, 10:05