Պարիի մէջ համամիութենական աղօթք Պարիի մէջ համամիութենական աղօթք 

«Ջանացէք ըլլալ իսկապէս արդարներ» Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ բացումը։

Ֆրանչիսկոս Պապը, 18 Յունուարի երեկոյեան 5.30-ին, Սուրբ Պօղոսի անուան Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ Ժամասացութեան արարողութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն տարի քրիստոնեայ աշխարհը Յունուար 18-25 երկարող ութօրէքը կը նուիրէ Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքին։ Այս առթիւ եկեղեցիներու եւ աղօթատեղիներու մէջ կը կազմակերպուին համամիութենական աղօթքներ ու հանդիպումներ։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ մեկնարկի առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 18 Յունուարի երեկոյեան 5.30-ին, Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ Ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին նաեւ քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ սովորութեան ծագումը վերագրուած է բողոքական եւ անկլիքան եկեղեցիներու պատկան երկու կղերականներու` անգլիացի Սփենսէր Ժոնսի եւ Ամերիկացի Փոլ Ժէյմս Ֆրանսիս Վաթսոնի, որոնք 1907-ին սկիզբ տուած են աւանդութեան մը որ աւելի ուշ որդեգրուած է նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ եւ 1948-ին` ''Եկեղեցիներու միութենական խորհուրդի'' ստեղծումէն ետք դարձած է համամիութենական աղօթքի շաբաթ, որուն ընթացքին համայն քրիստոնեաները կ՛աղօթեն եկեղեցիներու միութեան ու անոնց դէպի Քրիստոս դարձին համար։

Նշենք թէ Յունուար 18 եւ 25 թուականներու ընտրութիւնը առաջարկած է վերապատուելի Փոլ Վաթսոնը 1908-ին, նկատի առնելով Սուրբ Պետրոսի գահին տօնը` 18 յունուարին եւ Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնը 25 Յունուարին։

2019 տարուայ որպէս քրիստոնեաներու միութեան շաբթուայ նիւթ ընտրուած է «Ջանացէք ըլլալ իսկապէս արդարներ» կարգախօսը քաղուած Օրինաց գիրքէն (16-20) «Արդարութեան, միայն արդարութեան հետեւիր, որպէս զի ողջ մնաս եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տալու երկիրը ժառանգես»։

«Արդարութեն» նիւթին առաջարկը կատարած էր Ինդոնեզիայի եկեղեցին, որուն յանձնուած է նաեւ շաբթուայ աղօթքներուն ընկերանալու աղօթագիրքի պատրաստութիւնը, համագործակցութեամբ Քրիստոնեաներու Միութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդին եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Հաւատք եւ Օրէնսդրութիւն յանձնախումբին։

Ինդոնեզիայի մէջ բնակչութեան 86 առ հարիւրը կը հետեւին մահմետական կրօնին, մինչ քրիստոնեաները իրենց զանազան յարանուանութիւններով կը կազմեն բնակչութեան 10 առ հարիւրը, որոնք կը ջանան, այլ քրիստոնեայ փոքրամաս հասարակութիւններու նման, ձգտիլ աւելի մեծ հաշտութեան ու միութեան՝ պատասխանելու համար Աստուծոյ կամքին ու նաեւ դառնալու նշան ու վկայութիւն աշխարհի մը որ յատկանշուած է կաշառակերութեամբ, անարդարութիւններով ու ժլատութեամբ, որոնք կը յառաջացնեն անհաւասարութիւն եւ բաժանում։

«Որպէս անհատներ եւ որպէս հասարակութիւն յաճախ մեղսակից ենք անարդարութեան ու անհասկացողութիւններու ծաւալումին։ Որպէս քրիստոնեաներ կանչուած ենք միասնական վկայութիւն տալու ի նպաստ արդարութեան եւ ըլլալու Աստուծոյ բուժող շնորհքին գործիքներ՝  յօշոտուած աշխարհի մը մէջ» գրուած է քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան առթիւ պատրաստուած աղօթագրքին մէջ ուր նաեւ նշուած է «համախմբուած մեր Տիրոջ Քրիստոսի խաչին ոտքին, կը հայցենք Անոր շնորհքը անարդարութիւններուն դէմ պայքարելու համար, եւ  Անոր ողորմութիւնը՝ բաժանումներ յարուցող մեր մեղքերուն համար»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2019, 08:21