ֆրանչիսկոս Պապ Հայր Փաուլօ Տալ Օլիոյին հարազատներուն հետ ֆրանչիսկոս Պապ Հայր Փաուլօ Տալ Օլիոյին հարազատներուն հետ 

Հաղորդագրութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հայր Փաուլօ Տալ Օլիոյին հարազատները:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Վատիկանի Սանթա Մարթա տան մէջ ընդունած է Հայր Փաուլօ Տալ Օլիոյի հարազատները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Չորեքշաբթի, 30 յունուար 2019-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն տիար Ալեսանտրօ Ճիզոթի, պատասխանելով կարգ մը լրագրողներուն ուղղուած հարցումներուն, յայտնած է թէ այսօր ՝չորեքշաբթի, 30 յունուար 2019-ին՝ առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Վատիկանի Սանթա Մարթա տան մէջ ընդունած է Հայր Փաուլօ Տալ Օլիոյի հարազատները՝ Հայր Փաուլոյին մայրը՝ 4 քոյրերն ու մէկ եղբայրը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած նաեւ որ յիշեալ հանդիպումը, մօտիկութեան եւ գուրգուրանքի ժեսթ մըն է՝ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ , 2013-ին յուլիս ամսոյն, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած Յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայր Տալ Օլիոյին ընտանիքին նկատմամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2019, 13:24