Որոնել

Տոն Պոսքօ Տոն Պոսքօ 

Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոն՝ երիտասարդներու հայր ու դաստիարակ։

Անոր օրինակով կարեւորել մարդկային եւ հոգեւոր իսկական արժէքներով նոր սերունդի դաստիարակութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 30 Յունուար 2019-ի առաւօտեան- Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը, ողջունելով ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորները ու խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն, վերյիշեց թէ վաղը պիտի տօնուի Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյի (Տոն Պոսքօ)՝ ծիսական տօնը, երիտասարդներուն հայր ու  դաստիարակ։ 

«Ան գիտացաւ Աստուծոյ ողջագուրումը փոխանցել բոլոր այն երիտասարդներուն որոնց հանդիպեցաւ, անոնց շնորհելով յոյս, բնակարան եւ ապագայ», ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց «Անոր վկայութիւնը  օգնէ մեզի նկատի առնելու թէ որքան կարեւոր է նոր սերունդը դաստիարակել՝ մարդկային եւ հոգեւոր իսկական արժէքներով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2019, 10:38