Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Բախեցէք եւ պիտի բանան ձեզի» 9 Յունուարի Ընդհանրական ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Աղօթքի աւարտին, ճանապարհորդութեան աւարտին, վստահ ըլլանք որ կայ Հայրը՝ որ մեզ կը սպասէ լայնածաւալ բազուկներով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ես ալ կ՚ըսեմ ձեզի. ‘Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի.  Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ՚առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր’։ ‘Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր. Կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր’։  Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»:

Ունկնդրէ լուրը

Ղուկաս Աւետարանիչէն (Գլ 11, 9-13) քաղուած աւետարանական սոյն հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 9 Յունուար 2019-ին առաւօտեան,Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Հայր մեր աղօթքի մասին ներկայացուցած  խորհրդածութեան։

«Ղուկասի աւետարանին մէջ կը գտնենք Քրիստոսի դիմագիծը աղօթքի մթնոլորտի մէջ» ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով թէ աւետարանիչը Յիսուսը կը ներկայացնէ որպէս աղօթքի մարդ։ Անոր կեանքի ամէն մէկ քայլը կարծես թէ ըլլար Սուրբ Հոգւոյն շունչը՝ որ զինք կ՛առաջնորդէ ամէն մէկ արարքի մէջ։

Յիսուս կ՛աղօթէ Յորդանան գետին մէջ մկրտութեան առթիւ, իր Հօր հետ կը զրուցէ ամէն մէկ կարեւոր որոշումէ առաջ, կը բարեխօսէ Պետրոսին համար որ զինք պիտի ուրանար։ Նոյնիսկ Մեսիային մահը աղօթքի մթնոլորտի մէջ կը պատահի։ Յիսուս կը մխիթարէ կիները, կ՛աղօթէ զինք հալածողներուն համար ու արքայութիւնը կը խոստանայ բարի աւազակին, ապա հոգին կ՛աւանդէ առ Հայր ըսելով «Հայր Քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ հոգիս»։

Ղուկասի Աւետարանին մէջ ապա կը գտնենք աշակերտներուն խնդրանքը ուղղուած Յիսուսին «Տէր մեզի աղօթել սորվեցուր»։ Այս խնդրանքէն է որ յառաջ կու գայ այն աղօթքը զոր Յիսուս կը սորվեցնէ իր աշակերտներուն ցոյց տալով թէ ի՞նչ զգացումներով պէտք է դիմեն Աստուծոյ։

Քրիստոնեան Աստուծոյ կը դիմէ զայն կոչելով «Հայր»։ Ղուկասի աւետարանին մէջ «մեր» եւ «երկինքն ես» խօսքերը չկան թէեւ աղօթքի էական կազմը կը մնայ նոյնը - դիտել տուաւ Քահանայապետը ակնարկելով թէ ինչպէս Յիսուս բացատրելու համար Հայր Մեր աղօթքը, աշակերտներուն կը ներկայացնէ մի քանի օրինակներ Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր.  Կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր’։ Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։

Այս խօսքերով Յիսուս կը բացայայտէ թէ Աստուած միշտ կը պատասխանէ մեզի ու թէ ոչ մի աղօթք կը մնայ անլսելի որովհետեւ Հայրը իր զաւակները չի մոռնար երբեք։

Յիսուս ապա կը յանձնարարէ յարատեւել ու պնդել աղօթքի մէջ վստահ ըլլալով որ Աստուած միշտ պիտի պատասխանէ մեզի։ Միակ տարակոյսը ժամանակն է։ Մի գուզէ պարտաւոր ըլլանք աղօթելու մեր կեանքի ամէն մէկ օրուայ ընթացքին, սակայն վստահ ըլլանք որ Ան մեզի պիտի պատասխանէ, որովհետեւ այս մէկը մեզի խոստացած է - յարեց ապա Սրբազան Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հաստատելով «Աղօթքը արդարեւ այժմէն իսկ մեզի համար յաղթանակ է առանձնութեան ու յուսալքումին վրայ։ Աղօթքի աւարտին, ճանապարհորդութեան աւարտին, վստահ ըլլանք որ կայ Հայրը՝ որ մեզ կը սպասէ լայնատարած բազուկներով։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակային ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորները, անոնց յայտնելով թէ «յառաջիկայ Կիրակի օր պիտի տօնախմբենք Յիսուսի մկրտութեան տօնը որ կը փակէ Ծննդեան ծիսական տօները ու մեզ կը հրաւիրէ վերագտնելու Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին շնորհքը։ Այդ խորհուրդը մեզ դարձուց քրիստոնեաներ, մեզ ներառելով Քրիստոսի ու Անոր Եկեղեցւոյ մէջ։ «Շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ հաւատքի այդ պարգեւին համար ու Սուրբ Հոգիէն հայցենք ուժը ըլլալու Յիսուսի քաջարի վկաները» ըսաւ Սրբազան Պապը որ հայր մեր աղօթքը արտասանելէն ետք բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2019, 09:56