Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը Հռոմի եկեղեցական բարձր ատեանի անդամներուն :

Ամուսնութեան կազմաւորումի գլխաւոր դերակատարները, հովիւներն են, ինչպէս նաեւ թեմի Եպիսկոպոսի եւ ժողովրդապետի առաջնորդութեամբ ՝ եկեղեցական հասարակութիւնները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 29 յունուար 2019-ին, առաւօտեան, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի եկեղեցական  բարձր ատեանին տեսուչն ու դատարանի խորհուրդի կղերական անդամները՝ դատական տարուան բացման առթիւ:

Ունկնդրէ լուրը

Ներկաներուն ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ ընկերութիւնը,  որուն մէջ կ՝ապրինք չի նպաստեր հաւատքի աճումին, հետեւաբար կաթողիկէ հաւատացեալները՝ դժուարութեան մատնուած են՝ ապրելու Աւետարանի ապրելակերպի համաձայն, յատուկէն Սուրբ Պսակի խորհուրդը: Այս ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ հրամայական նկատեց, որ եկեղեցին իր բոլոր հնարաւորութիւններով ՝ հոգեւոր եւ հովուական ծառայութեամբ զօրակցի հաւատացեալներուն:

Ան ապա ակնարկեց ներկաներուն քրիստոնէական ամուսնութեան ի նպաստ մատուցած ծառայութեան ու անոնց սատարած փորձառութեան, յատկապէս շեշտը դնելով Քրիստոսի եկեղեցւոյ էութիւնը հանդիսացող միութիւն եւ հաւատարմութիւն բառերուն վրայ, որոնք ըսաւ Սրբազան Պապը սուրբ պսակի երկու բարիքներն են եւ որոնք Քրիստոսի մէջ միութեան իրաւական պարտաւորութիւններ ըլլալէն առաջ ՝ ըլլալու են յայտնութիւն Մկրտութեան հաւատքին:

Ասունութիւնը մը որպէսզի վաւեր ըլլայ կը պահանջէ, որ զոյգերու միջեւ հաստատուի կատարեալ միութիւն ու ներդաշնակութիւն, որպէսզի մարդկային, բարոյական ու հոգեւոր փոխադարձ հարստութիւններու փոխանակումը երկուքը  կարենան դառնալ մէկ բան, ըսաւ   Սրբազան Պապը շեշտելով ամուսնական կեանքէն ներս «հաւատարմութեան» յանձնառումի կարեւորութիւնը։

Միութիւն եւ հաւատարմութիւն, երկու կարեւոր եւ անհրաժեշտ արժէքներ, ոչ միայն պսակեալներու միջեւ այլեւ ընկերային միջանձնային յարաբերութեան մէջ: Ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ ամուսնութեան նախապատրաստական շրջանին , դիտել տալով որ անիկա կը կայանայ մանրակրկիտ կազմաւորումի մէջ,  աճեցնելու համար պսակեալներուն մէջ իրենց  արժանիքներուն եւ  իրենց կոչումի սեփական յանձնառութիւններու գիտակցութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ ամուսնութեան կազմաւորումի գլխաւոր դերակատարները  հովիւներն են, ինչպէս նաեւ թեմի Եպիսկոպոսի եւ ժողովրդապետի առաջնորդութեամբ ՝ եկեղեցական հասարակութիւնները :

Ան ապա անդրադարձաւ ամուսնութեան հովուական ծառայութեան, օրինակ թուելով  Սուրբ Գիրքէն՝ Պրիսկիղա եւ Ակիւղաս երկու հաւատարիմ սուրբերու կեանքի փորձարարութիւնը, դիտել տալով որ անոնք Սուրբ Պօղոս առաքեալիմ միսիոներական աշխատանքի հաւատարիմ գործակիցներն էին, որոնց հանդէպ Սուրբ Պօղոս միշտ երախտագէտ եղած է: Սրբազան Պապը ապա դիտել տուաւ, որ երկու սուրբերուն շնորհապարգեւը, Սուրբ Հոգիին կողմէ շնորհուած թանկագին պարգեւն է, ծառայելու համար քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւններուն,  հայցելով Սուրբ Սուրբ Հոգիէն, որ այսօր եւս եկեղեցիին շնորհէ կարող քահանաներ՝ արժէքաւորելու  համար պսակելներուն շնորհաւորագրերը ՝մեծ հաւատքով եւ առաքելական հոգիով նման Պրիսկիղա եւ Ակիւղաս սուրբերուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով եկեղեցական ատեանի անդամներուն, Աստուծոյ ժողովուրդին բարիք հասցնելուն համար, արդարութեան ծառայութեան միջոցաւ,   անոնց դատավճիռներու միջոցաւ: Ան շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2019, 11:30