Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Եգիպտոսի Սուրբ Ծննդեան նուիրուած նոր Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ բացման առթիւ։

«Թող որ խաղաղութեան Իշխանը Եգիպտոսին, Միջին Արեւելքին ու համայն աշխարհին շնորհէ խաղաղութեան ու բարգաւաճումի պարգեւը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը

Կիրակի 6 յունուար 2018-ի երեկոյեան Եգիպտոսի մէջ բացումը կատարուեցաւ Սուրբ Ծննդեան նուիրուած աթոռանիստ նորակառոյց եկեղեցւոյ,  ներկայութեամբ, ի մէջ այլոց, Եգիպտոսի հանրապետութեան նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Ալ Սիսիի եւ Ղպտիներու Պատրիարք՝ Թավատրոս Բ։

Նշենք թէ Ղպտի օրթոտոքսները Սուրբ Ծննդեան տօնը կը յիշատակեն 7 Յունուարին։

Վերոնշեալ Եկեղեցւոյ բացման արարողութեան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամ մը յղեց որուն սկիզբը Սուրբ Ծննդեան ու նոր տարուայ բարի մաղթանքները փոխանցեց ներկաներուն ուրախութիւն յայտնելով զանոնք ողջունելու՝  Նոր վարչակարգի մայրաքաղաքի մէջ կառուցուած Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ օծման արարողութեան առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

«Թող որ խաղաղութեան Իշխանը Եգիպտոսին, Միջին Արեւելքին ու համայն աշխարհին շնորհէ խաղաղութեան ու բարգաւաճումի պարգեւը» ըսաւ Սրբազան Պապը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով Նորին Սրբութիւն Թավատրոս Բ ու սիրեցեալ  Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ, որ, նշեց Սրբազան Պապը, գիտցաւ հաւատքի ու սիրոյ  իսկական  վկայութիւն պարգեւել, նոյնիսկ ամենադժուար պահերու ընթացքին։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, դուք ունիք նահատակներ որոնք ուժ կը պարգեւեն ձեր հաւատքին։ Շնորհակալ եմ ձեր տուած օրինակին համար» յարեց ապա Սրբազան Պապը ու ողջոյնի խօսք ուղղեց  Եգիպտոսի կառավարութեան ու նախագահ Սիսիին։

Թող որ նորակառոյց Եկեղեցւոյ մէջ միշտ երկինք բարձրանայ Աստուծոյ հաճելի պաշտամունքը ու երկրի վրայ իջնէ օրհնութիւնն ու խաղաղութիւնը բոլոր մարդոց համար,  զոր Աստուած կը սիրէ։

Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/01/2019, 18:00