Հապանայի մէկ եկեղեցին Հապանայի մէկ եկեղեցին 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Աշխարհի հաւասարակշռութեան համար» միջազգային 4րդ համաժողովին։

28 – 31 Յունուար 2019-ին Լա Հապանայի մէջ տեղի կ՛ունենայ աշխարհի հաւասարակշռութեան նուիրուած միջազգային 4րդ համաժողովը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ես ջերմօրէն կ՛ողջունեմ Աշխարհի հաւասարակշռութեան համար» միջազգային  4րդ համաժողովին բոլոր մասնակիցները, որոնք համախմբուած են Հապանայի մէջ այդ սիրեցեալ երկրի համար յիշարժան մէկ տօնախմբութեան առթիւ, որ է Խօսէ Մարթիի ծննդեան տարեդարձը, եւ որոնց նպատակն է միաւորել ցանկութիւնները, որոնք բեղմնաւոր երկխօսութեան միջոցաւ կը նպաստեն ազգերու միջեւ եղբայրութեան ամրապնդման»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապ կը սկսի «Աշխարհի հաւասարակշռութեան համար» միջազգային  4րդ համաժողովին առթիւ ժողովականներուն յղած իր պատգամը որուն մէջ անդրադառնալով ներկայի քաղաքակրթութեան հաւասարակշռութեան խրախուսեց բարի կամք ունեցող մարդիկը միանալու եւ իրարու հանդիպելու այսպիսի ձեռնարկներու միջոցաւ,  նպաստելու համար իսկական մարդկային խթանումին, գիտացելով թէ անոնք որոնք կը ձգտին մարդկային արժանապատուութեան խթանումին, քրիստոնէական հաւատքին մէջ կարող են գտնել այդ յանձնառումին ամենախոր ապացոյցը»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ հաստատեց թէ մարդկային միջավայրը ու բնական միջավայրը իրար հետ միացած կ՛ընթանան ու թէ կարելի չէ դիմագրաւել բնութեան քայքայումի հարցը եթէ չի հասկնանք մարդկային եւ ընկերային քայքայումի պատճառները» եւ ասոր համար  հարկաւոր նկատեց խթանել «հանդիպումի մշակոյթ մը»։ Սրբազան Պապը հուսկ մէջբերեց Քուպացի յայտնի ուսուցիչ եւ գրող  Խօսէ Մարթիի խօսքերը «Երկրի բոլոր ծառերը ի վերջոյ կը կեդրոնանան մէկի վրայ, որը յաւերժական շատ փափուկ բոյր կու տայ. սիրոյ ծառը, որուն հսկայական ու զօրեղ ճիւղերու շուքին տակ, ժպիտով ու անդորրութեամբ ապաստան կը գտնեն բոլոր մարդիկը»։

Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց  մաղթելով որ այս խորհրդակցութեան աշխատանքային օրերը հասկացողութեան ու երկխօսութեան պտուղներ արտադրեն ի նպաստ աւելի եղբայրական քաղաքակրթութեան մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2019, 18:00