Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին «տառապանքի նամակներ» գիրքին կողքը: Ֆրանչիսկոս Պապին «տառապանքի նամակներ» գիրքին կողքը: 

Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի «Տառապանքի նամակներ» գիրքը:

Գիրքին մէջ պարունակուած է , 1987էն անտիպ մնացած Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի, Ֆրանչիսկոս Պապի. «տառապանքի վարդապետութեան» մասին գրութիւնը:

Երեքշաբթի 29 յունուար 2019-ին, «Անքորա» տպագրատունի կողմէ լոյս կ՝ընծայուի «տառապանքի նամակներ» վերնագիրով Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի գիրքը:

Գրիքին մէջ պարունակուած է 1987էն, անտիպ մնացած Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի Ֆրանչիսկոս Պապի  «տառապանքի վարդապետութեան» մասին գրութիւնը, որ անցեալ մայիս ամսոյն հրապարակուած է Յիսուսեան միաբանութեան «Չիվիլլթա Քաթթոլիքա» հանդէսին մէջ:

Յիշեալ գիրքին նախաբանը կը կրէ ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը,  մինչ ներածականը պատրաստած է «Չիվիլլթա Քաթթոլիքա» հանդէսի տնօրէն Հայր Հայր Անթոնիօ Սփատարոն:

1987 թուականին Մարիօ Պերկոլիօ, ստորագրած է ութը նամակներէ բաղկացած հաւաքածոյի մը նախաբանը , նամակներ գրուած 1758 – 1831 տարիներուն, Յիսուսեան միաբանութեան երկու ընդհանուր մեծաւորներու կողմէ՝ Հայր Լորենցօ Ռիչչի եւ Հայր Ճան Ռութանի, որոնք Յիսուսեան միաբանութիւնը  առաջնորդած են 1773-ին, միաբանութեան ամէնէն դժուար տարիներուն: Ֆրանչիսկոս Պապ վերոնշեալ գիրքին մէջ կ՝անդրադառնայ այդ նամակներուն բովանդակութեան: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2019, 12:19