Չէյխ Զայիտ մզկիթը Չէյխ Զայիտ մզկիթը 

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բնակչութեան։

Ուրախութեամբ կը պատրաստուիմ հանդիպելու բարգաւաճման, խաղաղութեան, արեւի, ներդաշնակութեան, համակեցութեան եւ հանդիպումի Երկրի զաւակներուն
Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 31 Յունուար 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ յառաջիկայ 3-5 փետրուար այցելութիւն պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ,  լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց  Երկրին բնակչութեան որուն մէջ ըսաւ.

Արաբական Էմիրութիւններու սիրելի ժողովուրդ, «Ալսալամ Ալեյքոմ» Խաղաղութիւնը ձեր հետ։

Ուրախ եմ մի քանի օրէն կարելիութիւնը ունենալ այցելելու ձեր երկիրը, հողամաս մը որ կը փորձէ ըլլալ համակեցութեան, մարդկային եղբայրութեան ու զանազան մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու միջեւ, երկխօսութեան տիպար, ուր շատեր, զանազանութիւններու յարգանքի ընդմէջէն, կը գտնեն ապահով վայր մը՝ աշխատելու եւ ապրելու համար։

Ժողովուրդ որ ներկան կ՛ապրի իր հայեացքը ուղղելով ապագային

Ուրախութիւն կը պատճառէ ինծի հանդիպիլ ժողովուրդի մը որ ներկան կ՛ապրի իր հայեացքը ուղղելով ապագային - ըսաւ ապա Քահանայապետը մէջբերելով Արաբական Էմիրութիւններու հիմնադիր երջանկայիշատակ  Շէյխ Զայէտ խօսքերը «իսկական հարստութիւնը չի գտնուիր երկրի մը գանձերուն մէջ, այլ կը գտնուի այն մարդոց մէջ որոնք կը կառուցեն իրենց հայրենիքի  ապագան…իսկական հարստութիւնը մարդիկն են»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց  գահաժառանգ՝ Չէյխ Մոհամմատ Պին Զայետ Պին Սուլթան Ալ Նահեանին, որ զինք հրաւիրած է մասնակցելու «մարդկային եղբայրութիւն» նիւթով՝ միջ կրօնական հանդիպումին, ու երախտագիտութիւն արտայայտեց նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխանութիւններուն, անոնց համագործակցութեան, վեհանձն հիւրընկալութեան ու  հրամցուած եղբայրական ընդունելութեան համար, իրականացնելու համար սոյն այցը։

Բարեկամ ու եղբայր Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ՝ Ահմետ Ալ Թայեպ

Քահանայապետը ապա յատուկ շնորհակալութիւն արտայայտեց բարեկամ ու եղբայր Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ՝ Ահմետ Ալ Թայեպին ու բոլոր անոնց որոնք համագործակցեցան սոյն ճամբորդութեան պատրաստութեան համար, անոնց քաջութեան ու կամքին, որով ուզեցին հաստատել որ Աստուծոյ մէջ հաւատքը՝ կը միաւորէ եւ չի բաժնէր, կը մօտեցնէ նոյնիսկ տարբերութիւններու մէջ ու կը հեռացնէ թշնամութիւններէն ու հակառակութիւններէն։

«Ուրախ եմ՝ Տիրոջմէ ինծի ընծայուած այս առիթին համար, ձեր սիրելի հողին վրայ գրելու՝ կրօններու միջեւ յարաբերութեան պատմութեան նոր էջ մը,  վերահաստատելով որ բոլորս ալ եղբայրներ ենք նոյնիսկ տարբեր ըլլալով» ըսաւ ապա Քահանայապետը աւելցնելով որ «ուրախութեամբ կը պատրաստուի հանդիպելու եւ ողջունելու «Զայիտին զաւակները Զայիտի տան մէջ»,   բարգաւաճման ու խաղաղութեան հողամաս, արեւի ու ներդաշնակութեան երկիր ու երկիր համակեցութեան եւ հանդիպումի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատգամը աւարտեց «Թանկագին շնորհակալութիւններ ու շուտով կը հանդիպինք։ Աղօթեցէք ինծի համար» բառերով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2019, 06:00