Քահանայապետի մամլոյ ասուլիսը Քահանայապետի մամլոյ ասուլիսը 

Ֆրանչիսկոս Պապին մամլոյ ասուլիսը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։

Քահանայապետը յայտնեց թէ ճամբորդութիւնը յոգնեցուցիչ էր այս մէկը համարելով յաջողութեան չափանիշ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 28 Յունուար 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերադարձ կատարեց Հռոմ աւարտելով Փանամայի առաքելական ճամբորդութիւնը եւ սովորութեան համաձայն Փանամայէն Հռոմ վերադարձի ուղեւորութեան ընթացքին 50 վայրկեան տեւող հանդիպում ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ պատասխանելով անոնց ուղղած հարցումներուն։

Քահանայապետը յայտնեց թէ «ճամբորդութիւնը յոգնեցուցիչ էր» այս մէկը համարելով յաջողութեան չափանիշ։

ԵՀՕ առաքելութիւնը Պետրոսի առաքելութիւն։

«Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ իմ առաքելութիւնս, Պետրոսի առաքելութիւնն է. Այսինքն հաւատքի մէջ հաստատել հաւատացեալները, ոչ թէ հրահանգներով այլ թոյլ տալով ներգրաւուիլ սրտով» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ «առաքելութիւնը կատարելու համար պէտք է ներգրաւուած ըլլալ իրականութեամբ» ու պատմեց  թէ ինչպէս օդակայանին մէջ Նախագահին հետ տեսակցութեան ընթացքին իրեն  ներկայացուցին ափրիկեցի 5 տարեկան փոքրիկ մը,  որ իր մօր հետ միասին դիմած էր գաղթականութեան, սակայն մինակ մնացած էր իր մօր վախճանումին պատճառաւ։

«Կեանքէն լքուած մանուկի մը ողբերգութիւնը խղճիդ կը դպչի ու քեզ կը ներգրաւէ» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Ես արդարեւ երիտասարդներուն միշտ կ՛ըսեմ «ձեր կատարածը կատարելու էք ընթացքի մէջ, քալելով ու երեք ոճերով. գլուխի, սրտի եւ ձեռքերու ոճերով։ Այդ երեք ոճերը ներդաշնակութեամբ գործածելով, որպէսզի մտածէք այն ինչ որ կը զգաք ու կը գործէք, զգաք այն ինչ որ կը մտածէք ու կը կատարէք, ապա կատարէք այն ինչ որ կը մտածէք ու կը զգաք» հաստատեց Քահանայապետը ընդունելով որ իրեն համար դժուար է հաշուեկշիռ մը կատարել առաքելութեան մասին։ «Ես առաքելութեան ապրումները կ՛առնեմ ու կը տանիմ Տիրոջ առջեւ Անորմէ խնդրելով որ իմ միջոցաւ հաւատքի մէջ հաստատէ բոլորը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Կեդրոնական  Ամերիկայի մէջ վաղ յղիութեան հարցը

Պատասխանելով ապա Կեդրոնական Ամերիկան յուզող վաղ յղիութեան հարցին մասին ուղղուած մէկ հարցումին Ֆրանչիսկոս Պապ համաձայն գտնուեցաւ որ դպրոցներուն մէջ «սեռային» հարցերու մասին դասընթացքներ կատարուին, դիտել տալով որ «սեռը» Աստուծոյ պարգեւ մըն է, «որովհետեւ սիրելը պարգեւ է» ըսաւ Ան։ Իսկ եթէ կան ոմանք որ սեռը կ՛օգտագործեն դրամ շահելու ուրիշները շահագործելով այդ մէկը տարբեր հարց է։ «Ասոր համար հարկաւոր է սեռային դաստիարակութիւն երաշխաւորել,խուսափելով սակայն գաղափարական գաղութատիրութենէն  որովհետեւ այս մէկը փոխանակ օգնելու թեկնածուն զայն կը կործանէ» յարեց Սրբազան Պապը  այս ծիրէն ներս կարեւոր նկատելով նաեւ տունի մէջ ու ծնողներու կողմէ երաշխաւորուած դաստիարակութիւնը։

Եկեղեցւոյ մէջ հաւատալի վկայութեան պակաս

 ԹԷ ինչու երիտասարդներ ու բազմաթիւ այլ անձինք կը հեռանան եկեղեցիէն հարցումին, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց թէ այդ մէկը կախեալ է քրիստոնեաներու, Քահանաներու ու եպիսկոպոսներու վկայութենէն ու վկայութեան պակասէն կամ գէշ վկայութենէն։

Եթէ հովիւ մը փոխանակ մօտիկ ըլլալու մարդոց կը գործէ որպէս ձեռնարկատէր կամ կազմակերպիչ ու Հովիւի վկայութիւն մը չի տար այդ մէկը մարդիկը կը հեռացնէ։ Հովիւը պէտք է ըլլայ մարդոց մօտ։ Հօտին առջեւ՝ ցոյց տալու համար ուղին։ Հօտին մէջ հասկնալու ու կիսելու համար ժողովուրդին կեանքն ու կարիքները ապա հօտին ետին պահպանելու զանոնք որեւէ չարիքէն։ Սակայն եթէ հովիւ մը չապրի այս բոլորը, մարդիկ իրենք զիրենք լքուած կը զգան, որբ կը զգան, ու կը հեռանան։

Կեղծաւոր հաւատացեալներ

«Կան նաեւ կեղծաւոր կաթողիկէներ» ըսաւ ապա Քահանայապետը, մարդիկ որ ամէն  կիրակի եկեղեցի կը յաճախեն սակայն ետքը կը չարաշահեն իրենց նմանները, անոնք եւս գէշ օրինակներ են։  Այդ աշխարհականներուն կ՛առաջարկեմ որ եթէ լաւ վկայութիւն պիտի չտան թող  չըսեն՝ «կաթողիկէ ենք», թող ըսեն «կաթողիկէ դաստիարակութիւն ունիմ սակայն աշխարհիկ կեանք կ՛ապրիմ, ներողութիւն, ինձմէ օրինակ մի առնէք»։ «Ես կը վախնամ այդպիսի կեղծաւոր կաթուղիկէներէն» աւելցուց Սրբազան Պապը ու պատասխանելով ամուսնացեալ քահանաներու մասին ուղղուած այլ հարցումի մը, մատնանշեց Սուրբ Պօղոս Զ քահանայապետին՝ 1968- 1970 տարիներուն արտասանած  խօսքին. «Կը նախընտրեմ մեռնիլ քան թէ փոխել կուսակրօնութեան օրէնքը»։

Կուսակրօն Քահանաներ

Լատին եւ Արեւելեան եկեղեցիներու միջեւ տարբերութիւններու մասին խօսելէ ետք Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ անձնապէս կը կարծէ թէ կուսակրօնութիւնը պարգեւ մըն է եկեղեցւոյ ու համաձայն չէ կարելիութիւն շնորհել ամուսնացեալ քահանաներու, բացի, ըսան Ան, անհրաժեշտութիւն պարագային։ Սրբազան Պապը նշեց հուսկ այս ուղղութեամբ կատարուած ուսումնասիրութիւններն ու պատմութեան հոլովոյթին անհրաժեշտութեան պարագային ամուսնացեալ քահանաներու ձեռնադրութիւնները, հաստատելով  թէ հարկաւոր է շարունակել ուսումնասիրութիւնը ու յատկապէս աղօթել այդ ուղղութեամբ։

Կեանքի պաշտպանութիւնը - Վիժում

Խօսելով հուսկ կեանքի պաշտպանութեան կարեւորութեան մասին ու յատկապէս վիժումի հարցի մասին, Քահանայապետը նշեց թէ «ողորմութեան պատգամը ուղղուած է բոլորին ու նաեւ սաղմերուն»։ Ակնարկելով այն կիներուն որոնք դիմած են վիժումին, հաստատեց թէ այդ մէկը ծանր ողբերգութիւն  ու ծանր յանցանք է, սակայն պէտք է խոստովանարանին մէջ ըլլալ հասկնալու  համար այդ հարցը, որովհետեւ ներումի հարց մը չէ միայն, այլ հարց է թէ ինչպէս ընկերանալ այդ կնոջ ու զայն մխիթարել երբ իրազեկ կը դառնայ թէ արարքը ծանր էր։

«Երբ այսպիսի կացութեան առջեւ կը գտնուիմ կը ջանամ ըսել թէ զաւակդ երկինքն է, հետը խօսիր, օրօր օրօր երգէ անոր, հաշտուէ անոր հետ։ Որովհետեւ Աստուծոյ հետ հաշտութիւնը արդեն իսկ գոյութիւն  ունի, Աստուած միշտ ներողամիտ է։ Սակայն կինն ալ պէտք է իրատես ըլլալ ու հասկնայ պատահածը։ «Վիժումի ողբերգութիւնը սարսափելի է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Վենեզուելլայի համար արդար ու խաղաղ լուծում

Խօսելով ապա Վենեզուեալլյի մէջ ստեղծուած տագնապալից իրավիճակի մասին ու թէ ինք որու կողմնակից է հարցումին Սրբազան Հայրը ըսաւ «ես Վենեզուելայի ժողովուրդին հետն եմ, որովհետեւ ան կը տանջուի»։ Ես կը տառապիմ պատահածին համար եւ ասոր համար կոչ ուղղեցի ի նպաստ խաղաղ եւ արդար լուծումի։ «Զիս սարսափի կը մատնէ արեան հեղումը, բռնութիւնը, ասոր համար կը ջանամ հաւասարակշիռ ըլլալ, ես կ՛ուզեմ Հովիւի մօտեցում ունենալ ու եթէ կարող եմ սատարս տալ միասնական համաձայնութեան մը համար, թող խնդրեն ու ես պատրաստակամ  եմ» ըսաւ Սրբազան Պապը ։

Մանուկներու Պաշտպանութեան հայող ժողովը Վատիկանի մէջ

Արտայայտուելով ապա Փետրուար ամսուայ վերջաւորութեան Վատիկանի մէջ կայանալիք մանկապղծութեան ու Մանուկներու Պաշտպանութեան հայող եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ ամենէն առաջ հարկաւոր է  գիտակցիլ եւ ի միտ ունենալ ողբերգութիւնը զոր կ՛ապրի չարաշահուած պատանին։ Ապա պէտք է որ եպիսկոպոսներն ու եկեղեցւոյ պատասխանատուները իմանան թէ այդպիսի իրողութիւններու դիմաց ինչպէս պէտք է վարուին եւ ինչ ընթացակարգի պէտք է դիմեն։ Այս է փետրուար ամսուայ հաւաքին նպատակը, որուն ընթացքին պիտի աղօթենք, պիտի ունկնդրենք չարաշահուած անձերու վկայութիւնները, որպէսզի աւելիով հասկնանք անոնց ապրած տառապանքը։ Ապա պիտի կատարենք համայն եկեղեցւոյ համար ապաշխարութեան արարողութիւններ, ներողութիւն հայցելով Աստուծմէ։ Մանկապղծութեան հարցը մարդկային ողբերգուին է, նշեց Քահանայապետը ու մենք պիտի ջանանք Եկեղեցւոյ ներքոյ մանկապղծութեան հարցը արմատախիլ ընել, յուսալով որ այդ մէկը սատարէ  նաեւ  եկեղեցիէն դուրս այդ ախտին դէմ մղուած պայքարին։

 Գաղթականութեան երեւոյթը

Քահանայապետին ուղղուած հարցումներու շարքին չէր կրնար պակսիլ գաղդականութեան երեւոյթին հայող հարցումը, որուն պատասխանելով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ թէ պէտք է նախ եւ առաջ յիշողութեան դիմել, օրինակ բերելով թէ Արժանթինի ժողովուրդը կազմուած է գաղթականներէն  ու նոյնն է նաեւ Միացեալ Նահանգներու պարագային։ 

Ես ընդհանրապէս կը գործածեմ հետեւեալ բառերը. ընկալել, առաջնորդել, խթանել ու ներառել ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Կառավարիչներու խոհեմ վարուելակերպին, ընդգծելով որ  խոհեմութիւնը առաքինութիւն է։ Այս ծիրէն ներս Քահանայապետը օրինակ բերաւ Շուետի հանրապետութեան պարագան որ միշտ հիւրընկալ գտնուած է գաղթականներուն հետ ու ընդելուզումի ծրագիրներ մշակելով զանոնք ներառած է Շուէտական ընկերութեան ներքոյ, թէեւ, ըսաւ Քահանայապետը, անցեալ տարի կառավարութիւնը ուզեց պահ մը դադար առնել, որովհետեւ այդ ծրագիրներու իրականացումը կը դժուարանար։ Ահա այս է կառավարիչին խոհեմութիւնը, նկատել տուաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ. «սիրոյ եւ զօրակցութեան հարց է» ու ակնարկելով  գաղթականութեան հոսքը կասեցնելու այլընտրանքի մը՝ զանոնք օգնելով իրենց երկիրներուն մէջ, ուր յաճախ կայ սով, պատերազմ ու հակամարտութիւններ։ Հարկաւոր է ներդրումներ կատարել անօթութեան դէմ։ Եւրոպան այս կարելիութիւնը ունի, ըսաւ Քահանայապետը, թէեւ շատեր կը նախընտրեն շահագործել այդ երկիները ու յատկապէս Ափրիկեան ցամաքամասը, նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  հաստատելով թէ այս հարցին շուրջ պէտք է խօսիլ բացայայտօրէն առանց նախապաշարումներու լուծումի մը հանգելու համար։

Վերջին յորդոր

Մամլոյ ասուլիսի աւարտին Նորին Սրբութիւնը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով լրագրողներուն ուզեց ընդգծել Փանամա Երկրին վեհանձնութիւնը ու մատնանշեց այն ծնողներուն որոնք Քահանայապետի անցքին իրենց մանուկները վեր կը բարձրացնէին կարծես թէ ըսէին՝ ահա այս է իմ յաղթանակս, իմ հպարտութիւնս, իմ ապագաս։ Ինչ որ կը պակսի Եւրոպայի մէջ դիտել տուաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով մտածել այդ հարցին շուրջ ու հարց տալ ո՞րն է իմ հպարտութիւնս.  առանձնատունը, զբօսաշրջութիւնը, շունը կամ զաւակ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2019, 13:30