Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը բնիկ երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքի մասնակիցներուն:

Կը շնորհաւորեմ ձեզ որովհետեւ առաջին անգամն է, որ բնիկ երիտասարդներու համար կը կազմակերպուի երիտասարադաց համաշխարհային հաւաքը կանխող հանդիպում մը:

Վազգէն Աբարդեան - Վազգէն

Ուրբաթ, 18 յունուար 2019, ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց Փանամայի մէջ կայացած բնիկ երիտասարդներու համաշխարհային առաջին հաւաքի մասնակիցներուն:

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

«Յուլիս 2016-ին, Քրաքովիոյ երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքի աւարտին, կամաւոր երիտասարդներուն ըսի հետեւեալը. Յիշենք մեր անցեալը, կառուցելու համար յոյսը՝ քաջութեամբ: Եւ սա կարգախօսն է , որ ընտրեցիք, այս տարի, 17-21 յունուարին, Փանամային Տաւիտ թեմի ՝ Սոլոյի,Լոմարքա, Նկապէ, Պուղտէ քաղաքներուն մէջ ձեզ միաւորող, բնիկ երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքին։

Կը շնորհաւորեմ ձեզ, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ բնիկ երիտասարդներու համար կը կազմակերպուի երիտասարադաց համաշխարհային հաւաքը կանխող հանդիպում մը: Ձեռնարկ մը որուն համար կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել Փանամայի Եպիսկոպոսաց համաւատք դասի ՝բնիկներուն հովուական ծառայութեան բաժանմունքի, զօրակցութեամբ Հարաւային Ամերիկայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու կազմակերպութեան:

Սիրելի երիտասարդներ կը յորդորեմ որ այս բնիկ զանազան ժողովուրդներու հարիւրաւոր երիտասարդներ իացնող հանդիպումը, ծառայէ եւ տօնախմբէ Յիսուսի Քրիստոսի հանդէպ դաւանած ձեր հաւատքը, սկսեալ ձեր հազարամեայ հայրենի մշակութային հարստութիւնէն:

Կը յորդորեմ, որ սոյն հանդիպումը առիթ հանդիսանայ ՝ընդառաջելու, այլ ժամանակներուն երիտասարդներու հասցէագրուած հրաւէրին , երախտապարտ ըլլալու ձեր ժողովուրդներու պատմութեան եւ քաջ գտնուելու ձեզ շրջապատող մարտահրաւէրին դիմաց, Ինչպէս նաեւ յոյսով լի՝ յառաջ ընթանալու հնարաւոր այլ աշխարը մը կառուցելու մէջ:

Վերադառնալ հայրենի մշակոյթներուն, Խնամք տանիլ արմատներուն, որովհետեւ արմատներէն է, որ յառաջ կու գայ բարգաւաճելու եւ պտուղ տալու ինչպէս նաեւ ձեզ աճեցնող ուժը: Պէտք է, որ սա սա ձեւ մը, ըլլայ ցոյց տալու, մեր եկեղեցւոյ բնիկութեան դիմագիծը՝ երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի ծիրէն ներս եւ հաստատելու մեր հասարակաց տան պաշտպանութեան յանձնարարութիւնը ինչպէս նաաւ գործակցելու աւելի մարդկային եւ աւելի արդար աշխարհ մը կառուցման համար:

Անշուշտ, ըստ ձեր յայտագիրին, այն նիւթերը , որոնք ձեր խորհրդածութիւններուն առարկան պիտի ըլլան, խթան պիտի հանդիսանան Աւետարանի հեռանկարով պատասխաններու որոնումին, բազմաթիւ մեկուսացումի, մնացորդաց եւ չքաւորող գայթակղեցուցիչ կացութիւններուն, որոնց դատապարտուած են միլիոնաւոր երիտասարդներ յատուկէն աշխարհի մէջ բնիկ ժողովուրդներու երիտասարդներ:

Թող ձեր արարքները , ձեր ժողովուրդներու պատկանելիութեան գիտակցութիւնը, ըլլան արձագանք՝ մնացորդացի եւ արմատներու մոռացութեան մշակոյթին դէմ, որ միշտ առ աւելիով մղուած է դէպի հեղուկ, կազային եւ հիմքէ զուրկ ապագայ:

Երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ խնամ տարէք ձեր մշակոյթներուն, հոգ տարէք ձեր արմատներուն: Բայց ՝ կանգ մի առնէք : Այդ արմատներէն աճեցէք, ծաղեցէք ու պտուղներ արտադրեցէք: Բանաստեղծ մը ըսած է որ «այն բոլոր բաները, որոնք ծաղկած են ծառի մը վրայ, յառաջ կու գան  գետնի տակ գտնուող բաներէն»: Արմատները ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու պատգամը աւարտեց հաստատելով թէ այդ Արմատները պէտք է ըլլան «Ապագայի փոխանցուած արմատներ: Դէպի ապագայ ցոլացող: Ահա սա է ձեր այսօրուան մարտահրաւէրը»:

Ինծի համար մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ՝ ձեր հետ Փանամային մէջ հանդիպիլը: Միաժամանակ իմ լաւագոյն մաղթանքներս կը յայտնեմ , այս հանդիպումի համար եւ ձեզի կը շնորհեմ իմ օրհնութիւնս:»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2019, 16:00